Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի Ընկերային Հանդիպում

1127_jouniehՀովանաւորութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ համանուն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 27 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան  նախաճաշի ընկերային հանդիպումի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ճաշարան «Մամոնիա»-ի մէջ, Զալքա:

Ռիթա Ղարիպեան տիկնանց յանձնախումբին անունով բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ ողջունելով ներկաները յայտնեց, որ կը գտնուինք Նոր տարուան սեմին, ուր 2014-ը բաւական բարդ եղաւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն, ներառեալ` հայերուս եւ Լիբանանի համար: «Կը մաղթենք, որ Նոր տարին բերէ մեզի լաւագոյնն ու բարին», ընդգծեց Ղարիպեան եւ հրաւիրեց Ժունիէի ծխատէր քահանաներէն Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Իր կարգին, Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան բարձր գնահատեց հայուհիին ներդրումը հայ եկեղեցիին մէջ, խորապէս գնահատելով յատկապէս Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ կիները աշխատանքը աւելի յառաջ կը տանին: Ան մէջբերումներ կատարեց Ս. Գիրքէն եւ իբրեւ օրինակ յիշեց Ղազարոսի  եւ Մարթայի քոյրը` Մարիամը: Նմանապէս ան յիշեց հայոց պատմութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ իրենց դերն ու դրոշմը ձգած հայուհիներու անուններ, ինչպէս` Սանդուխտ կոյսը, Հռիփսիմեանց կոյսերը եւ այլն: «Մեր բոլոր եկեղեցիները պէտք ունին հայ կիներու օժանդակութեան», ընդգծեց Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան: Ապա արուեստագէտ Սիմոն Կոստանդինեան ձեռնադաշնակի վրայ հայկական եւ այլազան երգ ու նուագով  խանդավառեց մթնոլորտը: Այս  առիթով եղան նուէրներու վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES