Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Գերզգայնութեան Գլխաւոր Պատճառները» Նիւթով

DSC04475Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերզգայնութեան գլխաւոր պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ տոքթ. Պերճ Տագէսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Եափուճեան: Ան նշեց, որ մեզ շրջապատող ծառերու եւ բոյսերու բեղմնափոշին, օդին մէջ ապականութիւն յառաջացնող քիմիական թունաւոր նիւթերը, տարբեր տեսակի պտուղներն ու կաթնեղէնները, գորգերու եւ անկողիններու մէջի մանր, անտեսանելի մակաբոյծները, ինչպէս նաեւ կարգ մը դեղեր կրնան գերզգայնութիւն յառաջացնել որոշ անձերու մօտ: Գերզգայնութիւնները որեւէ տարիքի կրնան յայտնուիլ: Անոնցմէ ոմանք նեղացուցիչ, բայց շատ վտանգաւոր չեն, բայց նաեւ կրնան ըլլալ մահացու, եթէ անմիջապէս բժշկական միջամտութիւն եւ դարմանում չըլլայ:

Տոքթ. Պերճ Տագէսեան բացատրեց, թէ գերզգայնութիւնը մէկ հիւանդութիւն չէ, այլ զանազան հիւանդութիւններու խմբաւորումը: Թուելով օրինակները տարբեր գերզգայնութիւններու, օրինակ` թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ազման է, մորթի հետ կապուածը` էքզեմա, քիթի հետ` քթային անցքերու բորբոքում, աչքի հետ` աչքի արտաքին թաղանթի բորբոքում եւ այլն:

«Ալերժի» բառը առաջին անգամ 1906-ին գործածուած է գերմանացի բժիշկի մը կողմէ:

Դասախօսը յաջորդաբար թուեց գերզգայնութիւնները.

Ազմա- Թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ունի իր ժառանգական ազդակը: Ենթական շնչելով գերզգայնութիւն յառաջացնող նիւթը, պատճառ կը դառնայ Ազմայի գոյացման, որուն կ՛ընկերակցի շունչի նեղութիւն եւ սուլոց:

Գերզգայնութիւն յառաջացնող նիւթերը կրնան ըլլալ փոշին, ինչպէս նաեւ ծաղիկներու փոշին, անասուններու մազը, տարբեր փետուրները, բուրդը, գորգը, տարբեր խաղալիքները, իրերը, ինչպէս նաեւ մուշտակը, անուշահոտը եւ այլն:

Նոյնանման նիւթեր կրնան յառաջացնել նաեւ քիթի գերզգայնութիւնը: Ախտանշանները կ՛ըլլան քիթի քերուըտուքը, փռնգտալը: Իսկ եթէ նոյն նիւթերը աչքի մօտ ըլլան, տեղի կ՛ունենայ աչքի գերզգայնութիւնը:

Մորթի պարագային գերզգայնութիւնը կը յառաջանայ, երբ ենթական եւ նիւթը շփում կ՛ունենան իրարու հետ: Նշեալ նիւթերը կրնան յառաջացնել գերզգայնութիւն, ինչպէս` օճառը, լուացքի դեղը: Ուտելիքներէ յառաջացող գերզգայնութիւնը կրնայ պատճառել մորթի քարտեսի նման ճերմակ եւ վարդագոյն երեւոյթը:

Տոքթ. Տագէսեան շարունակելով բացատրեց, թէ ի՛նչ կը պատահի բջիջային մակարդակի վրայ, երբ գերզգայնութիւնը առկայ է: Մարմինը կը հակադարձէ արտադրելով հակամարմիններ: Հակամարմիններու գլխաւորը IgE տեսակն է:

Այս բաժինով կարելի է նշել նաեւ «Մասթ» բջիջները, ինչպէս նաեւ Հիսթամինը:

Արեան քննութիւններու ճամբով կարելի է ստուգել քանակը IgE-ներու, ինչպէս նաեւ անոնց զանազան  տեսակները` մանրամասնօրէն ներկայացնելով ցանկը գերզգայնութիւն յառաջացնող տարբեր նիւթերու:

Դասախօսը նշեց նաեւ դեղերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը, յատկապէս Փենիսելինը: Ենթական որեւէ մէկ ժամանակ կրնայ ունենալ Փենիսելինի նկատմամբ գերզգայնութիւն, ինչպէս նաեւ հետագային կրնայ անհետանալ այդ գերզգայնութիւնը: Այս պարագային, երբ Փենիսելինը պիտի տրուի ենթակային մկանային սրսկումի ճամբով, պէտք է ատիկա ըլլայ շատ զգուշօրէն եւ անմիջական բուժօգնութեան պայմաններու ներքեւ:

Աւարտին տոքթ. Պերճ Տագէսեան բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES