«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՋՈՒՐԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ Ռումինի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Դիմադրութեան համար լիբանանեան ջուրերը համազօր են Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն: «Իսկ եթէ Լիբանանի ծովային սահմանները մենք չենք ճշդեր, ապա այդ մէկը կը կատարէ կառավարութիւնը: Հետեւաբար, եթէ ճշդուած այդ տարածութիւնը Իսրայէլի կողմէ որեւէ սպառնալիքի, վտանգի կամ բռնարարքի ենթարկուի, ապա Դիմադրութիւնը պատրաստ է կատարելու իր պարտականութիւնը եւ պաշտպանելու լիբանանեան ջուրերը», ընդգծեց Ռաատ:

 

Share this Article
CATEGORIES