Ա. ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԸՐՐԻԻ

Դեսպան Քոչարեան եւ խորհրդարանի նախագահը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան շաբաթ օր այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հայաստանեան-լիբանանեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան աշխուժացման կարելիութիւնները:

Դեսպան Քոչարեան խորհրդարանի նախագահը վերստին հրաւիրեց այցելելու Հայաստան:

Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլի:

Share this Article
CATEGORIES