Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անհանգստութեան մը պարագային ականջ տուէք ձեզի տրուած խորհուրդներուն, ինքնագլուխ մի՛ գործէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մոռնալու համար ձեր հոգերը, տօնական մթնոլորտ ստեղծեցէք: Քէֆ ընողին քէյֆ չի պակսիր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տակաւին ճամբայ ունիք կտրելիք: Հետապնդեցէք ձեր նպատակները եւ պիտի յաջողիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եոկան կը զօրացնէ միտքը, նոյնքան` մարմինը: Հետեւեցէք այս մարզաձեւին եւ պիտի օգտուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յաճախ ձեր լաւատեսութիւնը կը զարգացնէք, այսքանը շատ է, որովհետեւ յետոյ յուսախափ կ՛ըլլաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուժ կիրարկելը ի նպաստ ձեզի չէ: Հետեւաբար բարեխառնեցէք ձեր տրամադրութիւնը համեստօրէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր պարտաւոր էք տնային գործերով զբաղելու: Փախուստ մի՛ տաք: Օրը օրին կատարեցէք ձեր պարտաւորութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզական կիրարկում մը մեծ գոհունակութիւնը պիտի տայ ձեզի: Օգտուեցէք օրուան ուրախ առիթէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան պատմութիւնները կը դժուարացնեն ձեր կեանքը: Իրատեսութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գնումներ կատարեցէք: Պիտի կարենաք գտնել ձեր փափաքած պիտոյքը, որ ձեզ պիտի գոհացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անիմաստ տեղը շատ կը ծախսէք: Ուշադիր եղէք ձեր քսակին, ձեր դրամին արժէքը գիտցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը նպաստաւոր է հրապուրելու համար ձեր սիրած անձը: Առաւել, դուք է, որ պիտ կարգադրէք օրուան հարցերը:

