50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1964)

Ազգային Առաջնորդարանի
Նոր Շէնքին Բացումը

Երէկ` կիրակի, 29 նոյեմբեր 1964, կէսօրէ առաջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած եռայարկ եւ գեղակերտ նոր առաջնորդարանին պաշտօնական բացումը` բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Արարողութեանց ներկայ եղան Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի լուսարարապետ Հայրիկ արքեպիսկոպոս, վարդապետներ, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Տօնական օրերու շքեղութիւն ստացած էր Ս. Նշանի շրջապատը: Մուտքի դուռէն սկսեալ ամբողջ լիբանանեան ազգային դրօշակներով: Կարգապահութեան կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

Հանդիսաւոր սուրբ անմահ պատարագը մատուցեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Ս. պատարագի սքանչելի երգեցողութիւնը քառաձայն խմբերգուեցաւ Ս. Նշանի դպրաց դասի երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Վարդան Սերայտարեանի:

«Հայր մեր»-էն առաջ պատարագիչ սրբազանը աւուր պաշտաճի քարոզեց` բնաբան ունենալով «Զբարին գործել մեծածալն գործովք բարութեան»-ը:

Ապա կարդաց Խորէն Ա.կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը` նուիրուած բարերարներ տէր եւ տիկին Խորէն Թահաններուն: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` բարերարի գերդաստանին համայն ննջեցեալներուն համար:

Այնուհետեւ վեհափառը թափօրով դուրս ելաւ եկեղեցիէն:

Առաջնորդ սրբազանը աւանդական ժապաւէնը կտրող մկրատը յանձնեց վեհափառին, որը իր կարգին փոխանցեց բարերարին:

Շքեղօրէն կահաւորուած ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցան` աջահամբոյր, շնորհաւորութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Շնորհաւորական այցելութեան եկաւ նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան:

 

Փրոֆ. Ն. Սիսակեան Փարիզի Ուսանողական
Ոստանի Հայկական Շէնքին Մէջ

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 11-ի երեկոյեան, Փարիզի Ուսանողական միջազգային ոստանի հայկական Մարի-Նուպար հաստատութեան մէջ արտասովոր եռուզեռ կը տիրէր:

Շէնքին տնօրէնութեան եւ ուսանողութեան ներքին վարչութեան նախաձեռնութեամբ, ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր ի պատիւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նորընտիր նախագահ փրոֆ. Նորայր Սիսակեանի:

Ուսանողական ոստանի Միջազգային տան ներկայացուցիչներ, այլ ազգերու պատկանող շէնքերու տնօրէններ, ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը` իր ամբողջական կազմով, Միջազգային ոստանին զանազան տուներուն մէջ բնակող հայ ուսանողուհիներն ու այլ հիւրեր լեցուցած էին Հայկական տան ներքնայարկի սրահը:

Հայկական տան տնօրէնը` փրոֆ. Արփիարեան, նախ ֆրանսերէնով օտար հիւրերուն ներկայացուց փրոֆ. Ն. Սիսակեանի անձը, գիտական  վաստակն ու 1956-էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջապատէն ներս անոր ունեցած գործունէութիւնը, որոնց պսակումը եղաւ 1964 հոկտեմբեր 21-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովին նախագահ ընտրուիլը` միաձայնութեամբ:

Ապա փրոֆ. Արփիարեան հայերէնով փրոֆ. Ն. Սիսակեանին ներկայացուց Ուսանողական ոստանէն ներս Հայկական տան մը գոյութեան ընծայած առաւելութիւնները` դուրսէն եկող այլ ուսանողներու համար. ներկայացուց սրահին մէջ գտնուող անձնաւորութիւնները եւ ամփոփ գիծերով տուաւ ընդհանուր պատկերը հայ ուսանողութեան, որոնց համեմատութիւնը 85 առ հարիւր է այժմ Հայկական տունէն ներս` նախկին տարիներու 35 առ հարիւրին փոխարէն:

Ուսանողներու կողմէ ողջոյնի խօսքեր արտասանեց Կ. Թապաքեան:

Ապա խօսք առաւ փրոֆ. Ն. Սիսակեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած այս առիթին համար, որ գայ, տեսնէ եւ ծանօթանայ հայ ուսանողութեան. աւելցուց, թէ ինչպէս հայրենասիրութիւնը, հայրեինքէն հեռու, յուզող է. վստահեցուց, թէ իւրաքանչիւր հայ իր կարելին ի գործ կը դնէ բարձրացնելու համար մեր հայրենիքին փառքը, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ գիտնայ, թէ մշակութային զարգացման, տնտեսութեան եւ միւս բոլոր մարզերուն մէջ մեր փոքր Հայաստանը իր բոլոր կարելին կ՛ընէ, եւ կ՛ապացուցէ արդէն, թէ որոշ աշխատանք կը տանի այդ ուղղութեամբ:

«Դժուարանում եմ հայերէն արտայայտուել, շարունակեց փրոֆ. Ն. Սիսակեան, շատ երկար ատեն է ռուսական միջավայրին մէջ եմ ապրում. բայց ես ինձ միշտ հայ եմ համարում, եւ ամէն ինչ անում եմ, որ ոչ մի հայ, հայրենիքի մէջ թէ հայրենիքից դուրս, չկարողանայ կարմրել իմ արած գործերի համար»:

Պաշտօնական այս բաժինին յաջորդեց հիւրասիրութիւն, որուն մտերիմ մթնոլորտէն օգտուելով` ներկաները կրցան մօտենալ գիտնական հիւրին եւ պարզ կերպով զրուցել անոր հետ:

Շ. Թ.

 

Share this Article
CATEGORIES