Տոքթ. Ժիրայր Թէվէքէլեանի Յիշատակին
Երբ քառասուն օր առաջ հողին կը յանձնէինք տոքթ. Թէվէքէլեանը, գիտէինք, որ հրաժեշտ կու տայինք երէց պաշտօնակիցի մը, որ իր դրոշմը ձգած էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան եւ ընդհանրապէս բժշկական խաւին վրայ:
Տոքթ. Ժիրայր Թէվէքէլեան յաճախած էր Երեւանի համալսարանը , ուրկէ ստացած էր ընդհանուր բժշկութեան տոքթորան, 1966-ին, իսկ մասնագիտական կազմաւորումը` Լիբանանի Տահր Պաշէք կեդրոնին մէջ, 1971-ին, որպէս թոքային հիւանդութեանց մասնագէտ: Ան եղած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի շրջանաւարտներու առաջին սերունդէն:
Բժիշկին ասպարէզը յատկանշուեցաւ բծախնդրութեամբ, ձեռնհասութեամբ եւ նուիրումով, նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, երբ Պէյրութի երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկը ինքնին արկածախնդրութիւն էր, մանաւանդ որ անոր բնակարանը Սոտեքոյի շրջանին մէջ էր` սահմանագիծին շատ մօտ, իսկ դարմանատունը` Զարիֆ:
Տոքթ. Ժիրայր Թէվէքէլեանի անունը սերտօրէն կապուած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան հետ:
Ան բազմիցս մաս կազմած է վարչութիւններուն, ստանձնած էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետութիւնը` առաջին անգամ 1986-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանին, երբ վարչական ժողովներ գումարելն անգամ վտանգէ զերծ չէր:
Իր հիմնական իրագործումներէն մէկը եղաւ հայ բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու առաջին հասցէագիրքի հրատարակութիւնը` 1986-ին, ժամանակ մը, երբ տակաւին համակարգիչ չկար եւ բոլոր տեղեկութիւնները պէտք է, որ ձեռագիր հաւաքուէին, ու թուղթի վրայ արձանագրուէին: Բացառիկ բծախնդրութեամբ պատրաստուած հասցէագիրքը հանրութեան տրամադրուեցաւ տպաւորիչ օրինակելի ձեւով դասաւորուած տեղեկութիւններով` երեք լեզուներով:
Ան իր թեկնածութիւնը դրաւ Լիբանանի բժշկական սենտիքայի խորհուրդի անդամակցութեան, հակառակ անոր որ ընտրական օրէնքը կը նշէ իւրաքանչիւր տարի մասնակի ընտրութիւններով միայն 4 անդամի ընտրութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին բացի Հիւսիսէն: Դրութիւն մը, որ փոքրաթիւ խմբակցութիւններուն չի նպաստեր: Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, ան պատուաբեր արդիւնք մը արձանագրեց, ձայներու միայն չնչին տարբերութեամբ չընտրուեցաւ բայց կրցաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան ուժական ներկայութիւնը հաստատել:
Տոքթ. Թէվէքէլեան առանց վարանելու, յօժարակամ վերստանձնեց միութեան ատենապետութիւնը 2001-ին հակառակ իր յառաջացած տարիքին, արդարեւ մօտ 70 տարեկան, սակայն ընդառաջեց, որովհետեւ Միութեան կազմակերպական ընթացքը այդ կը պահանջէր:
Ան միշտ ներկայ էր միութեան բոլոր ձեռնարկներուն եւ ընդհանուր ժողովներուն թէեւ վերջին շրջանին յառաջացած տարիքի բերմամբ առողջական հարցեր կը դիմագրաւէր: Տոքթ. Թէվէքէլեան հանդիսաւոր ձեւով խօսք կ՛առնէր, կանոնագրի տառը եւ ոգին նուիրական էին իրեն համար: Յստակ տեսակէտ ունեցող մարդ էր, երբեմն սուր ձեւով արտայայտուող, բայց բոլոր ժողովականները յարգանքով կը սպասէին իր վերլուծումին` քաջ գիտնալով, որ անոր տէսակէտներուն հիմը անանձնական, ընդհանրական մտահոգութիւնն էր:
Տոքթ. Թէվէքէլեան մեծարուեցաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան կողմէ` որպէս Պատուոյ անդամ, այս առիթով յատուկ կերպով հրաւիրուած սենտիքայի ներկայացուցիչներու ձեռամբ: Ուրախ ենք, որ այս մեծարանքը իր կենդանութեան կատարուեցաւ:
Իր կորուստը մեզ կը դնէ բարոյական պարտաւորութեան տակ` նոյն ձեռնհասութեամբ եւ նուիրումով շարունակելու միութեան աշխատանքները:
Այս տխուր առիթով պիտի ուզէինք վերստին արտայայտել մեր խորազգած ցաւակցութիւնները իր հարազատներուն:
Յարգա՛նք իր վաստակին, յարգա՛նք իր յիշատակին:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

