Վաղամեռիկ Ընկերոջս` Յովհաննէս-Յովան Թաշճեանի Անթառամ Յիշատակին
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Վերջերս մեր երիտասարդ ընկերներու իրերյաջորդ եւ անակնկալ մահերը մեզի առիթ չտուին նոյնիսկ պահ մը սթափելու եւ սգալու մեր ընկերներուն կորուստը:
Առիթ չունեցանք բաւարար ուժ ամբարելու, որպէսզի կարենանք բնականոն կերպով մեր կեանքի ընթացքը շարունակել:
Եւ ահաւասիկ նոր գոյժ` Միացեալ Նահանգներէն: Կորսնցուցինք ընկեր Յովհաննէս Թաշճեանը…
Նոր կորուստ բոլորին համար` թէ՛ մեր գիւղին, թէ՛ Լոս Անճելըսի հայութեան եւ թէ՛ մանաւանդ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին:
Քանի մը օրէ ի վեր կը փորձեմ գտնել այն հիմնական յատկանիշները, որոնք լաւագոյնս կրնան բնորոշել երիտասարդ եւ մօտիկ ընկերս` Յովհաննէս (Յովան) Թաշճեանը, որ անցեալ շաբաթ անակնկալօրէն մահացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:Կը փորձեմ ամփոփել իր նկարագրային ցայտուն գիծերը քանի մը բառերով.
Պաշտամունք` Հայ գրականութեան հանդէպ եւ ամբողջական Նուիրում հայ ժողովուրդի երազներու իրականացման համար:
Այս երկու կէտերուն մէջ միայն կրնամ պատկերացնել ընկերոջս կեանքը, սիրտ մը, որ բաբախեց յանուն հայութեան:
Հիմա փորձեմ վերադառնալ 1989-1990 տարիներուն եւ անդրադառնալ Յովհաննէսի կեանքի այնճարաբնակ ժամանակաշրջանին, երբ մտերիմներ դարձանք եւ առիթ ունեցանք միասին աշխատելու:
Այնճար եկաւ երիտասարդական թարմ շունչով` իրեն հետ բերելով իր պաշտամունքը հայ գրականութեան եւ յատկապէս հայ բանաստեղծութեան հանդէպ: Մուտք գործեց կրթական ծիրին մէջ` որպէս Ազգ. «Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ, միաժամանակ աշխուժ կերպով մասնակցելով Այնճարի մշակութային կեանքին` Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի յարկին տակ:
Ստեղծուեցաւ ջերմ ընկերական մթնոլորտ մը, որ լեցուեցաւ հայ բանաստեղծութեամբ, ասմունքով, թատերական ներկայացումներով եւ մշակութային վերելքով:
Օդին մէջ կար հայ բանաստեղծներուն շունչը,աշակերտներուն մօտ օր ըստ օրէ աճող հետաքրքրութիւն` հայ գրականութեան հանդէպ: Վարակիչ դարձաւ այս մթնոլորտը գիւղին մէջ, որուն ստեղծման մէջ ունեցաւ իր ներդրումը: Ուրախ եւ արդիւնաբեր օրեր էին` հակառակ երկրի ծանր պայմաններուն: Գաղութի մշակութային կեանքը եռուն էր Այնճարի մէջ,մինչ Պէյրութի մէջ ծանր մարտեր կը մղուէին…
Երիտասարդ ուսուցիչը աշակերտութեան սկսաւ ներկայացնել հայրենի բանաստեղծներ` Վահագն Դաւթեանը, Համօ Սահեանը, Ռազմիկ Դաւոյեանը եւ ուրիշներ: Աշակերտները սկսան ասմունքով հանդէս գալու մեր տօնակատարութիւններու ընթացքին նոր քերթուածներով, եւ ծնունդ առաւ ասմունքի նոր ոճ մը` տպաւորիչ կատարումներով, որ հետագային վարակիչ դարձաւ:
Փաստօրէն Յովհաննէսը յաջողեցաւ աշակերտութեան սիրցնել տալ հայ գրականութիւնը եւ յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:
Մշակութային ձեռնարկները կայացան շաբաթական դրութեամբ, եւ գիւղացիները շատ պարտաճանաչ կերպով միշտ ներկայ եղան մշակութային հանդիպումներուն` լիցքաւորուած վերադառնալով իրենց տուները:
Յովհաննէսը իր երիտասարդական թարմ շունչով կրցաւ վարակել նոր սերունդը: Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքան դժուար է» թատերախաղին ներկայացումը եղաւ բոլորովին իւրայատուկ:
Այս բոլորին կողքին, մնաց հաւատաւոր դաշնակցական բառին ամենալայն իմաստով:
Հեռուէն միայն ծանօթ եմ իր ազգային գործունէութեան, որ ծաւալեց Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր վերցուց պատասխանատու պաշտօններ եւ մնաց պատնէշի վրայ մինչեւ իր մահը:
Ընտանիք կազմեց Լուսին Գանտահարեանին հետ եւ բախտաւորուեցան աղջիկ զաւակով մը` Արենի:
Դժբախտաբար Յովհաննէսին կեանքը ընդհատուեցաւ անժամանակ: Տակաւին աշխատանքի լայն դաշտեր կային իր առջեւ եւ երիտասարդական եռանդով պիտի շարունակէր իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Կորուստ է Յովհաննէսին մահը:
Ինչ որ ամենակարեւորն է, սակայն, Յովհաննէսը մնաց Հայաստանով ապրող հայորդի եւ իր սիրտն ու հոգին մնացին հայրենի լեռներուն վրայ,Ճիշդ իր պապերու հոգիներուն պէս, որոնք կը ճախրեն Մուսա Լերան վրայ:
Հայաստանով ապրեցաւ, Հայաստանը եղաւ իր միտքն ու հոգին: Ծառայեց դաշնակցականի հաւատքով եւ յոյսով:
Ասուպի պէս շիջեցաւ մեր ընկերը: Համբերութիւն` իր ընտանեկան պարագաներուն:
Կորով` իր ընկերներուն` շարունակելու ազգին ծառայելու սուրբ գործը:
Այնճար, 2014

