Յովան Թաշճեանի Անմոռաց Յիշատակին

10155084_500230570114302_6841675720765503123_n

Ապրիլ 2009, Յովան Թաշճեան ծաղիկ կը ցանէ Արշաւիր Շիրակեանի շիրիմին վրայ, Նիւ Ճըրզի

Ինչո՞ւ այսքան յուզուած եմ եւ տխուր: Ի վերջոյ, առաջին անգամը չէ, որ երիտասարդ ընկերոջ մը մահը կը սգամ: Բայց այս անգամ չափազանց տխուր եմ, իսկ մխիթարութիւնը դժուար է: Մեզմէ յաւէտ բաժնուած է երիտասարդ ղեկավար մը, որ տակաւին շատ տալիք ունէր իր ազգին, իր կուսակցութեան եւ իր ընտանիքին:

Ընկեր Յովան Թաշճեան օժտուած էր ղեկավարի իւրայատուկ յատկանիշներով, որոնք բնածին են եւ կը կազմաւորուին տարիներու փորձառութեամբ եւ ազգային դաստիարակութեամբ: Շատեր կը ստանձնեն պատասխանատու պաշտօններ, կը դառնան ատենապետ, նախագահ, բայց` ոչ անպայման ղեկավար: Ղեկավարը պաշտօնի կարիք չունի. ան բնականաբար կը ստեղծագործէ եւ կ՛առաջնորդէ:

Ընկեր Յովանը յեղափոխական իր եռանդուն խառնուածքով դաշնակցական գործիչ էր, թրծուած` ազգային հնոցի բազմաթիւ մարզերու մէջ: Ան իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած էր նուիրումով ծառայելու հայ ազգին: Ընկեր Յովանին խօսքը եւ գործելակերպը կտրուկ էին, յստակ եւ վճռական: Դարձուածքներու կարիք չկար: Սկզբունքներու կառչած մնալով` իր համոզումները կը յայտնէր համարձակութեամբ: Տատամսումը յաւէտ կը բացակայէր իր մէջ: Ինքնավստահ էր, խիզախ եւ նպատակասլաց:

Որեւէ պահու ընկեր Յովանը կրնար յանպատրաստից բեմ բարձրանալ եւ որեւէ ազգային նիւթի շուրջ յստակ պատգամ փոխանցել: Տիրապետող ձայնին եւ լեզուական հմտութեան շնորհիւ, ան հռետորական իր ոճով կեդրոնացած կը պահէր ունկնդիրը:

Այո՛, հոյակապ հրապարակախօս էր, բայց եւ աւելի՛ն. ընկեր Յովանը բացառիկ անհատականութիւն էր, օժտուած` բարձր ներուժով: Ան կրնար գաղութային լայնածաւալ աշխատանքներ գրեթէ առանձին իրագործել` ծրագրումէն մինչեւ գործադրում, եւ այս բոլորը կը կատարէր համեստօրէն: Ան իր ստանձնած պաշտօնները կ՛օգտագործէր միայն ու միայն որպէս ծառայութիւն հայ ժողովուրդին: Աթոռամոլութենէ եւ իշխանիկի փառասիրութենէ չէր տառապեր: Ծառայութիւնը իբրեւ սկզբունք ընդունելով, միշտ հաղորդակից էր ժողովուրդին հետ` հաշուետուի իր դերով:

Իւրայատուկ եւ յատկանշական էր նաեւ անոր հաղորդակցելու թափանցիկ ոճը, որուն պատճառով անոր պատկերասփիւռի յայտագիրը մեծ թիւով հանդիսատեսներ կը գրաւէր` համակիր եւ ընդդիմադիր, այժմէական ազգային թեմաներու առողջ քննարկումով: Ընկեր Յովան նաեւ հեռատեսիլի այլ յայտագիրներով կարեւոր պարտականութիւն ստանձնած էր` հայ հասարակութիւնը հաղորդ պահելու հայրենի կեանքին, յատկապէս` Ջաւախքի հայութեան առօրեային եւ կենսական կարիքներուն:

Բնականաբար, որպէս դաշնակցական գործիչ, ընկեր Յովանի ազգային գործունէութեան առանցքը եւ առաջնահերթութիւնը կը պատկանէր երիտասարդութիւնը դաստիարակելու եւ անոր շարքերէն դաստիարակներ պատրաստելու առաքելութեան: Դժուար է հակիրճ ձեւով անդրադառնալ անոր բեղմնաւոր վաստակին այս ծիրին մէջ, ուր ան երիտասարդութիւնը կը ներշնչէր ազգային յեղափոխական պայքարի ոգիով: Ան առաջիններէն էր, որ նախաձեռնեց  ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամներու այցին Արեւմտեան Հայաստան եւ զանոնք` առաջնորդեց սեփական պատմութեան արահետներէն, ամէն քայլափոխի շաղկապելով անցեալը, ներկան եւ ապագան:

Այո՛, տխուր եմ: Տխուր, որովհետեւ կորսնցուցինք համեստ, անշահախնդիր, առաքինի ընկեր մը: Տխուր, որովհետեւ մեր կուսակցութիւնը եւ ազգը կորսնցուցին արժէքաւոր մարդուժ: Սակայն` վստահ եմ, որ ընկեր Յովանի դաստիարակած երիտասարդութիւնը, հետեւելով անոր դաստիարակի օրինակելի տիպարին եւ յանձնառու ազգային կոչումին, անպայման կը ստանձնէ ղեկը եւ կը շարունակէ գործել նոյն նուիրումով` հաստատ, կտրուկ եւ վճռական:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր Յովան: Յիշատակդ անմար ըլլայ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES