Լռութեամբ Եւ Համեստութեամբ Գործած Տիպար Դաշնակցական Անդրանիկ Քէօրքիւնեանի Յիշատակին

1128KeurkunianԿեանքը նման է շղթայի` բազմաթիւ օղակներէ բաղկացած:

Բնական երեւոյթ է, որ կեանքի օղակները` մէկը միւսին ետեւէն քակուելով, պիտի հասնին այն օրը, երբ օղակներուն վերջինը եւս պիտի անջատուի եւ վերջ գտնէ ենթակային կեանքին ընթացքը: Հիմնականը այն է, որ մեզմէ բաժնուողը ի՛նչ արձանագրութիւն եւ դրոշմ կը ձգէ այդ օղակներու յիշատակարանին մէջ:

Քառասուն օրեր առաջ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի հաւատաւոր անդամներէն Անդրանիկ Քէօրքիւնեանի կեանքի շղթային վերջին օղակը ինկաւ` զայն առյաւէտ բաժնելով մեզմէ:

Անդրանիկ Քէօրքիւնեան պատանի տարիքին իսկ եղած է պարկեշտ անդամը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` անդամակցելով պատանեկան միութեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ին, ուր աշխուժ ֆութպոլիստը եղած է Զաւարեան խումբին: Հասակ նետելով այս մեծ ընտանիքին մէջ` երիտասարդ Անդրանիկ ամուսնացաւ, կազմեց իր ընտանիքը` կինն ու երեք զաւակները, որոնց կողքին ունեցաւ նաեւ իր մեծ ընտանիքը` Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը, որուն մէջ ժամանակի ընթացքին ստանձնեց պատասխանատու ծանրագոյն պաշտօններ` միշտ գործելով լռութեամբ, բծախնդրութեամբ, համեստութեամբ, ամէնէն բարդ գործին նկատմամբ իսկ ըլլալով պատրաստակամ:

ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ Անդրանիկ Քէօրքիւնեան լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն` իր զինակից ընկերներուն հետ, միշտ կանգնեցաւ պատնէշի վրայ, մասնակցեցաւ մշակման ռազմավարական հեռատես ծրագիրի մը, որուն  արդիւնքը եղաւ լիբանանահայ գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութիւնն ու նուազագոյն վնասներով դուրս գալը:

«Աղբալեան» կոմիտէի հերթապահ Անդրանիկ Քէօրքիւնեան իր մարտական դաստիարակութիւնը պարբերաբար փոխանցեց իր կուսակցական ընկերներուն` անոնց համար ըլլալով ընկեր, եղբայր, հայր, միշտ դաշնակցականավայել իր յատուկ ոճով: Ան այս ոճով շարունակեց գործել, երբ անդամ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, միշտ նոյն լռութեամբ եւ համեստութեամբ:

Աւելի ուշ ան իր ամբողջական ներդրումը ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի շինութեան: Հոն եւս ընկեր Անդրանիկ հոսանքն ի վեր թիավարելով` խումբ մը ընկերներու գլուխը անցնելով, երազը իրականութիւն դարձուց, բծախնդրօրէն հետեւելով նոյնիսկ շինարարական աշխատանքներուն: Ան պարզապէս կը հաւատար, որ յառաջիկայ սերունդները պէտք է ունենան արդիական ակումբ մը:

Ըմբոստ էր` անիրաւութեան դէմ:

Բռնկող էր` անարդարութեան դէմ:

Լուռ էր` աշխատանքի ընթացքին:

Ներկայ էր քուլիսներու ետին, պարկեշտ էր ու խստապահանջ: Այսպէս պիտի յիշենք «Աղբալեան» կոմիտէի նախկին հերթապահ, մարտական պատասխանատու, պարկեշտ ՀՄԸՄ-ական մեր սիրելի ընկեր Անդրանիկ Քէօրքիւնեանը: Այդպէս է քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերոջ ձգած արձանագրութիւնը օղակներու յիշատակարանին մէջ:

Մեր բոլորին յարգանքն ու երախտագիտութիւնը` Անդրանիկ Քէօրքիւնեանի անմար յիշատակին նկատմամբ:

Վարձքդ կատար ընկեր Անդօ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

Share this Article
CATEGORIES