Սրտի Խօսք` Յովան Թաշճեանի Յիշատակին
ՏՈՔԹ. ԳԱՍՊԱՐ ԹԱՇՃԵԱՆ
«Ինչ փոյթ կեանքը մեռնող,
Երբ որ երազը կ՛ապրի,
Երբ որ երազը անմահ է»:
Դ. Վարուժան
Սիրելի՛ եւ կարօտալի եղբայրս Վանէս, սիրելի՛ Յովան,
Իբրեւ աւագ եղբայր եւ երազներդ ու տագնապներդ կիսող մտերիմ, այսօր խառն յուզումով եւ հպարտութեամբ կրնամ վկայել, որ Մեծն Վարուժանի այս խօսքերը քու կեանքդ բնորոշող ամենաճշգրիտ եւ դիպուկ բնութագրումը կը հանդիսանան: Որովհետեւ, առօրէական գնայուն ու անցողիկ հմայքներէն անդին, կոչումն ու առաքելութիւնը դարձուցիր կարճատեւ կեանքիդ երազի ուղեւորութիւնը, դարձուցիր ամէնօրեայ ապրում` ազգիդ ու հայրենիքիդ լինելութեան տեսիլքով լուսաւորուած եւ իմաստնացած:
Լիբանանի յամեցող տագնապին մէջ կիսուած ու վիրաւոր երազներդ շալկած` հասար Ամերիկա: Եւ նոյն երազներու արահետներով շարունակեցիր երթդ իբրեւ կոչում եւ առաքելութիւն հայկական կեանքին մէջ` որպէս ուսուցիչ, գործավար, կուսակցական եւ հասարակական գործիչ, հրապարակախօս ու հրապարակագիր, միշտ առաջնորդուելով ազգային գերագոյն նպատակներու ամուր հաւատքով եւ տեսիլքով: Այսպիսով, անկեղծ նուիրումով իրագործուած կեանքիդ ընթացքին կրցար նուաճել քու ուրոյն տեղդ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի հանրային կեանքին եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք:
Մահուանդ նախորդող օրերէն մէկուն ընթացքին, հաւանաբար նախազգալով չարաբաստիկ այս օրը, ըսեր էիր սիրելի կնոջդ` Լուսինին եւ կրտսեր եղբօրդ` Վարուժանին, որ թաղումդ պիտի ուզէիր միայն անմիջական ընտանեկան պարագաներուդ մասնակցութեամբ ունենալ… Սակայն երեւի անգիտացած էիր, որ Լոս Անճելըսի բազմահազարանոց համայնքը եւ քու շենշող երթիդ ուղեկից աշխարհասփիւռ ընկերներդ ու բարեկամներդ, տարիներու բաց ու անկեղծ երկխօսութեան ընդմէջէն, շատոնց դարձած էին քու երկրորդ` բայց նոյնքան հարազատ ընտանեկան պարագաներդ: Հետեւաբար, ո՞վ պիտի կարենար սահմանափակել այդ ընտանեկան հրաժեշտի արարողութեան չափն ու սահմանները…
Գիտեմ, դժկամութեամբ եւ անմեղ բարկութեամբ պիտի ընկալէիր յուղարկաւորութեանդ հոծ հաւաքը, բայց վստահ եղիր, որ անիկա այլ ընթացքով կամ բնոյթով չէ՛ր կրնար տեղի ունենալ` նկատի ունենալով սիրոյ եւ յարգանքի այն անպարագիծ ծովը, որ ստեղծած էիր կաթիլ առ կաթիլ` հեռու ու մօտիկ տարեցին, երիտասարդին ու մանուկին հետ, անցնող տարիներուն ընթացքին:
Իր առաջին ընտանիքը Եղեռնին զոհաբերած Գասպար մեծ հօրդ անօրինակ կամքն ու կենսասիրութիւնը, անուանակից Յովհաննէս մեծ հօրդ ընկերասէր համեստութիւնն ու ազնիւ նուիրումը ազգային ու հանրային գործին հանդէպ, եւ հայրիկիդ` Գէորգին աննահանջ լաւատեսութիւնը ի հեճուկս կեանքի բազմապիսի փորձութիւններուն, եղան քու նկարագիրդ եւ բնաւորութիւնդ ընդգծող առաքինութիւնները: Սէրը եւ խոնարհութիւնը ընտրեցիր իբրեւ կեանքի անձնագիր ու դրօշ` դպրեվանքէն մինչեւ ակումբ ու դպրոց, մինչեւ բաց պատարագ կեանքիդ իւրաքանչիւր օրը ընտանիքիդ եւ ժողովուրդիդ հետ:
Ցաւի ու մորմոքի խեղդող ապրումներուն մէջ, իբրեւ հարազատ եղբայր ու մտերիմ, մխիթարուած կը զգամ ընկերներուդ եւ բարեկամներուդ սիրոյ եւ յարգանքի այս յախուռն հաւաքին ի տես: Բարի եւ զգայուն անհատականութիւնդ ոգեկոչող աւելի արդար ցուցանիշ եւ դրսեւորում դժուար պիտի ըլլար վկայակոչել, քան այն սրտառուչ, բանաւոր ու գրաւոր, խոստովանութիւնները եւ հաստատումները, որոնք վերջին օրերուն անժամանակ մեկնումիդ բօթով շանթահար քեզ իրենց հարազատը դաւանող բազմաթիւ ընկերներ, բարեկամներ եւ շարքային ծանօթներ կ՛արտայայտէին ցաւակցական այցելութիւններու ընթացքին, լրատուական մամուլի եւ զանգուածային հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներուն ընդմէջէն:
Այսօր, երբ Յովանին անդառնալի մահը մերժելով` անոր կեանքը կ՛ոգեկոչենք, պիտի ուզէի մեր ընտանիքին անունով շնորհակալութիւններս եւ երախտագիտութիւնս արտայայտել թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ Ազգային իշխանութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին, Ազգային առաջնորդարանի վարժարաններու խնամակալ մարմինին եւ բոլոր պատկան մարմիններուն` իրենց ազնիւ ցաւակցական գիրերուն եւ մխիթարական խօսքերուն համար:
Սրտագին շնորհակալութիւններ` Յովանին բոլոր ընկերներուն, մեր մօտիկ ու հեռու ազգականներուն եւ բարեկամներուն իրենց ցաւակցական պատգամներուն եւ զօրակցութեան համար:
Այլապէս, մեր յատուկ եւ խորազգաց երախտագիտութիւնը կ՛ուզեմ յայտնել Յովանին անզուգական մտերիմներուն` Մարքին, Հրանդին, Յարութին եւ Հուրիին, որոնք անմնացորդ սիրով եւ հետեւողականութեամբ մշտապէս եղան անոր կողքին ու մեր ընտանիքին հետ կիսեցին անոր անողոք հիւանդութեան տագնապալի բոլոր հանգրուանները:
Յատուկ շնորհակալութեամբ նաեւ պիտի ուզէի յիշատակել երկար տարիներու ընկերոջս տոքթ. Թորոս Եթերեանին անունը, որ Յովանին համար դարձաւ հարազատ եղբայր եւ ամենադժուար օրերու սրտակից ապաւէն: Բայց մանաւանդ, Յովանին բառերով` իբրեւ «աշխարհի ամենալաւ բժիշկը», միշտ համբերատար ու պատրաստակամ ոգիով լսեց զինք եւ իր խորհուրդներով յոյս եւ ուժ տուաւ իրեն:
Վերջապէս, այս առիթով կ’ուզեմ շնորհակալութեամբ ու գնահատանքով վեր առնել ազնուագոյն մարդու մը` Խաժակին անունը, որ տարիներ շարունակ որպէս փոքր եղբայր եւ գործընկեր կիսեց Յովանին ուրախ ու տխուր օրերը: Իսկ վերջին աւելի քան երեք տարիներու ժամանակաշրջանին, եզակի հաւատարմութեամբ ու սիրով մնաց անոր կողքին եւ զօրավիգ հանդիսացաւ հիւանդութեան դէմ անոր ամէնօրեայ պայքարին:
Ձեր բոլորին վարձքը կատար:
Թող Աստուած միշտ պահէ ու պահպանէ ձեզ եւ ձեր սիրելիները:
Իսկ դո՛ւն, սիրելի եւ անկրկնելի եղբայրս, ննջէ հանգիստ խաղաղութեան մէջ:
Թող Աստուած օրհնէ քու յիշատակդ եւ երանութեան մէջ պահէ լուսաւոր հոգիդ:
Կլենտէյլ, 25 Հոկտեմբեր, 2014

