Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարանները Նշեցին Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան 15-Ամեակը
28 նոյեմբեր 2014-ին Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան 15-ամեակը:
Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին կողմէ հրաւիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ միութեան կեդրոնի «Արարատեան» սրահին մէջ:
Աշակերտութեան անունով Սէրլի Ապրիլեան ներկայացուց ընդհանուր գնահատականը հոգեւոր տիրոջ անցած 15 տարիներու գործունէութեան` հայ եկեղեցական կեանքին մէջ, լիբանանեան, միջեկեղեցական եւ միջազգային ասպարէզներուն վրայ եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:
Խօսք առաւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ` հայ դպրոցին համար կատարած բախտորոշ գործերուն համար:
Հոգեւոր տիրոջ գահակալութեան 15-ամեակին առիթով` Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէնները յուշանուէր մը յանձնեցին հոգեւոր տիրոջ, իբրեւ արտայայտութիւն անոր նկատմամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ կրթական ընտանիքի սիրոյն եւ երախտագիտութեան:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով, Սրբուհի Ագնէս վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Հայոց հրաշք» ասմունքը (համադրութիւնը` Սիլվա Գանգրունիի), իսկ Սուրբ Խաչ-Գ. Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները` յատուկ այս առիթով պատրաստուած ձօն մը` ուղղուած հոգեւոր տիրոջ (համադրութիւնը` Սոնա Կետիքեանի), ընկերակցութեամբ անոր գործունէութիւնը ներկայացնող պատկերաշարի մը: Երաժշտական համար մը կատարեցին Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի սաներ Ալեք եւ Արէն Տօնէրեաններ (դաշնակ եւ ջութակ)` նուագելով Քէօսէեանի «Քոնչերթինօ Ռ-Մինէօր»-ը:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Ան խոր զգացուածութիւն արտայայտեց իր անձին ուղղուած շնորհակալական եւ բարեմաղթական արտայայտութիւններուն համար` շեշտելով, որ այն ամէն ինչը, որ իբրեւ իրագործում կը կապուի իր անձին, գործն է Աստուծոյ, որուն եւ կ՛երթայ ամենայն փառք ու պատիւ:
Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ գահակալութեան 15-ամեակի նշման աշակերտական հանդիսութիւնը փակուեցաւ հոգեւոր տիրոջ պահպանիչով:

