ՏԱՀԵՇ Մօտեցած Է Ազրպէյճանի Հիւսիսային Սահմանին

1128_ISIS«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Տաղստանի մէջ գործող արմատական իսլամական զինեալներու ղեկավար Էմիր Սուլայման համացանցի վրայ տարածուած տեսերիզի մը մէջ իր ջոկատին հետ հաւատարմութեան երդում կու տայ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատիի եւ կը յայտարարէ, որ իր ղեկավարած ջոկատն ու համայնքը այսուհետեւ կը մտնեն Իսլամական պետութեան կազմին մէջ:

«Պլումպըրկ» այդ դիմումը կը նկատէ խիստ վտանգաւոր երեւոյթ` յիշեցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ ներկայիս կը կռուին 300-է աւելի տաղստանցիներ, որոնց մէկ մասը արդէն վերադարձած է հայրենիք եւ մարտերու բռնուած ռուսական զօրքերուն հետ:

Ռուսիոյ Տումայի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Ֆրանց Քլինցեւիչ` մեկնաբանելով տեղեկատուութիւնը, տեղի ունեցածը անուանած է «Կովկասի մէջ Իսլամական պետութեան անուան տակ քաղցկեղային ուռի տարածման սկիզբ»: Գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ Տաղստան սահմանակից է Ազրպէյճանին եւ Չեչենիոյ, ինչ որ կը մեծցնէ ահաբեկչութեան տարածման վտանգը: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի փորձագէտներուն կարծիքով` օգտուելով տաղստանցի Էմիրի հաւատարմութենէն, ՏԱՀԵՇ պիտի աշխատի ուժեղանալ Հիւսիսային Կովկասի մէջ:

ՏԱՀԵՇ կը պայքարի 6-9-րդ դարերու տիպի իսլամական խալիֆայութիւն ստեղծելու համար: Ահաբեկչական կազմակերպութեան գաղափարախօսներուն կողմէ պատրաստուած քարտեսին վրայ այդ երեւակայական պետութեան կազմին մէջ մտցուած է նաեւ Ազրպէյճան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )