Ֆրանչիսկոս Պապը Թուրքիոյ Մէջ Կոչ Ուղղեց Հանդուրժողականութիւն Եւ Յարգանք Ցուցաբերելու Մարդկային Կեանքի Եւ Կրօնական Ազատութեան Նկատմամբ
Ֆրանչիսկոս պապը երէկ հասաւ Թուրքիա, ուր եռօրեայ իր այցելութեան առաջին օրուան ընթացքին այցելեց Աթաթուրքի դամբարանը, ապա հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ պապը Անգարայի մէջ Էրտողանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բոլոր դաւանանքներու մարդոց կոչ ուղղած է յարգանք ցուցաբերելու մարդկային կեանքի, արժանապատուութեան եւ կրօնական ազատութեան նկատմամբ:
«Մոլեռանդութիւնն ու արմատականութիւնը, ինչպէս նաեւ` անխոհեմ մտավախութիւնները, որոնք կը նպաստեն թիւրըմբռնման եւ խտրականութեան, պէտք է հակադրուին բոլոր հաւատացեալներուն աջակցութեամբ եւ միասնութեամբ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ահաբեկչական բռնութիւնը թուլացման որեւէ հեռանկար ցոյց չի տար Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր կը շարունակուին քրիստոնեաներու եւ եզիտի փոքրամասնութեան հալածանքները: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուներն ու երկիրը` ապրելու եւ իրենց կրօնական հաւատքին հաւատարիմ մնալու համար»:
Պապը միաժամանակ ընդգծած է, որ Թուրքիան «մեծ պատասխանատուութիւն» կը կրէ իր պատմութեան եւ աշխարհագրական դիրքին պատճառով եւ կրնայ օգնել միաւորելու տարբեր համայնքները եւ ճամբայ բանալ խաղաղութեան համար:

