«Ռուսիա Կը Շարունակէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Աջակցիլ Սուրիական Ղեկավարութեան» Ըսաւ Մոալլեմ

Մոալլեմ եւ Փութին
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ «Իխպարիյա Սուրիյա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումը «դրական ու շինիչ էր, եւ մենք Մոսկուայի յառաջիկայ խորհրդաժողովին նկատմամբ դրական ակնկալութիւններ ունինք»:
«Ռուսիա սուրիական ճգնաժամին լուծում գտնելու որեւէ ջանքի կը զօրակցի, անցեալ երկար տարիներուն ընթացքին այդպէս էր եւ ներկայիս ալ կը շարունակէ Սուրիոյ նկատմամբ իր աջակցութիւնը», ըսաւ ան:
Մոալլեմ նշեց, որ «Ռուսիա կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ աջակցիլ սուրիական ղեկավարութեան»` աւելցնելով. «Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշինքի յարաբերութիւններ են»:
Սուրիական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Ժընեւ-Մոնթրօ» հոլովոյթը ձախողեցաւ»:
«Ռուսիա Սուրիոյ հետ զէնքի մատակարարման համաձայնագրութեանց գործադրութեան յանձնառու է», ըսաւ Մոալլեմ:
Ան ըսաւ. «Այլեւս մենք Դամասկոսի մէջ երկխօսութեան առաջնորդող նախապատրաստական ժողով մը ընդունելու նկատմամբ հարց չունինք»:

