ՕՓԵՔ Պահպանած Է Քարիւղի Արդիւնահանման Ծաւալները, Գիները Կը Շարունակեն Անկում Կրել
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քարիւղ արտահանող երկիրներու կազմակերպութեան` ՕՓԵՔ-ի անդամ երկիրները Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին որոշած են պահպանել քարիւղի արդիւնահանման նախկին չափերը:
Ներկայիս այդ չափը կը կազմէ օրական 30 միլիոն տակառ եւ ատիկա պիտի պահպանուի յառաջիկայ կէս տարուան ընթացքին:
Այս որոշումին լոյսին տակ, քարիւղի գիները կը շարունակեն անկում արձանագրել: Նիւ Եորքի սակարանին մէջ քարիւղի գինը իջած է 70 տոլարէն վար: «Պրենթ» քարիւղի գինը եւս 8 առ հարիւրի անկում կրած է: Վերջին անգամ այսպիսի ցուցանիշեր արձանագրուած էին 2010-ին:
Մասնագէտները նախատեսած էին, որ քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու օրական մինչեւ մէկ միլիոն տակառով կրճատման պարագային գիները պիտի կարգաւորուին:
CATEGORIES Միջազգային

