Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմը, որուն հետ քննարկած է սուրիական տագնապին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմանային հարցերն ու ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութիւնը լուսարձակի տակ պիտի չառնէ նախագահական ընտրութիւնն ու Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը, ապա այդ երկխօսութիւնը անիմաստ է:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անձամբ հսկած է Հըզպալլայի առեւանգուած մարտիկներէն Իմատ Այեատը ազատ արձակելու բանակցութիւններուն:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ իրենք առաջին օրէն յստակ դարձուցած են, որ Հըզպալլա կը զօրակցի քաղաքական եւ ոչ քաղաքական որեւէ շարժումի, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի կ՛ըլլայ ազատ արձակել առեւանգուած բանակայինները:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ նախքան երկխօսութեան սկսիլը, անհրաժեշտ է գործադրել ազգային երկխօսութեան նիստերէն բխած որոշումները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենք դէմ չեն Սուրիոյ կառավարութեան հետ խորհրդակցելու` անլոյծ հարցերը լուծելու նպատակով: «Այս իմաստով վեթօ չկայ», ըսաւ Քազզի` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան ջանքերը լուրջ են:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ ինք չի մեղադրեր առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, եթէ անոնք մագլցողական քայլերու դիմեն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

Ֆաթհալի Ժրէյժին յանձնեց հրաւէր մը` մասնակցելու Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք տեղեկատուութեան նախարարներու յատուկ խորհրդաժողովին, որուն պիտի մասնակցին Իսլամական խորհրդաժողովի կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն նախարարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-արաբական պայքարի շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ֆայսալ Տաուտ Հըզպալլան շնորհաւորեց իր մարտիկներէն մէկուն ազատ արձակումին առիթով: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հետեւի Հըզպալլայի օրինակին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ անկարելի է նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող կողմերը հաշուետուութեան չկանչել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը` ներքին եւ արտաքին իմաստով, կը յուշէ զայն հեռու պահել շրջանային տագնապներէն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան պայթումը որեւէ ատեն հաւանական է:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա Ապու Հապիպ յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ իր մարտիկներէն մէկուն ազատ արձակումը կը նշանակէ, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու հաւանականութիւնը մեծ է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 400 լ. ոսկիի նուազում, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիի նուազում:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան ոչ մէկ նախապայման առաջադրած է: Ան աւելցուց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահին ինքնութիւնը չէ, որ կը քննարկեն, այլ` նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ տակաւին շատ կանուխ է ըսելու համար, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը սկսած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որ իր առեւանգուած մարտիկը ազատ արձակած է ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններու հետ բանակցելով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իրենց սորվեցուցած է, թէ Լիբանանի մէջ այս կամ այն քաղաքական ուժը ջնջելու որեւէ քայլ կը դրսեւորուի երկրին կացութիւնը պայթեցնելու հաւանականութեամբ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Տաուհաթ Արամուն շրջանին մէջ կը գտնուին քնացած ահաբեկչական բջիջներ, ինչպէս նաեւ հաւատադրժողական միտքեր տարածող իմամներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լաւատես է նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ խորհրդարանին նկատմամբ վստահութիւնը կասկածի տակ առնուած է` անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ լաւատեսութիւն յայտնեց Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութեան հաւանականութեան առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES