Աթէնքի Մէջ. Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Պիտի Նախագահէ Միջազգային Գաղթականութեան Վիճակագրութեան Նուիրուած Եւրոմիջերկրականեան Գործընկերութեան Աշխատանիստին

Dr.-Maral-Guidanian-420x315Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան  ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան վաղը` կիրակի, 30 նոյեմբերին պիտի մեկնի Յունաստան` նախագահելու համար 1-5 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք աշխատանիստին, որ նուիրուած է միջազգային գաղթականութեան վիճակագրութեան:

Նշենք, որ Աթէնքի մէջ տեղի ունենալիք այս աշխատանիստը յատկացուած է Վիճակագրութեան եւրոմիջերկրականեան գործընկերութեան, որուն նախագահն է դոկտ. Մարալ Կիտանեան:

Share this Article
CATEGORIES