Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Դէմ Բողոքարկումը
Սահմանադրական խորհուրդը երէկ մերժեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման դէմ բողոքարկումը, որ ներկայացուած էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ:
Խորհուրդը նշեց, որ ապահովական մակարդակի վրայ Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ իրավիճակը կ՛արդարացնէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, «սակայն ոչ ոք կրնայ գուշակել, թէ այդ պայմանները տիրական պիտի մնան երկու տարի եւ եօթը ամսուան ընթացքին», նշեց խորհուրդը:
Սահմանադրական խորհուրդը կոչ ուղղեց երկրին դիմագրաւած արտակարգ պայմաններուն աւարտէն անմիջապէս ետք
երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` ընդգծելով, որ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը սառեցնելու արարքները սահմանադրութեան խախտում կը նկատուին:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդգծեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը սխալ է` ընդգծելով, որ երկրին մէջ անիշխանութեան պատճառաբանութիւնը կարելի չէ արդարացնել:

