Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախում

1128_tsuytsԱռեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ դիմեցին մագլցողական քայլերու` փակելով Պէյրութի մուտքը` Սայֆիի մայրուղիին կողմէ:

Ապահովութեան ուժերը արգիլեցին անոնց կողմէ որդեգրուած այս քայլը, որուն իբրեւ հետեւանք ընտանիքներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին խոշտանգուեցան նաեւ լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ:

Առեւանգուած բանակայինները մագլցողական այս քայլին դիմեցին Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած բանակային Ալի Պազզալը գլխատելու սպառնալիքին լոյսին տակ:

Հակառակ ապահովութեան ուժերուն բանեցուցած ուժին, առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները գետին նստան ու արգիլեցին քաղաքացիներուն երթեւեկը:

Այս առումով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք վարչապետարանէն յայտարարեց, որ ընտանիքները պէտք է համոզուին, որ ճամբաներուն փակումը լուծում չէ, «իսկ առեւանգող կողմին հրահանգներուն ենթարկուիլն ու ըստ այնմ, ճամբաներուն փակումը կը սառեցնէ երկրին կացութիւնը եւ այդպիսով կարելի չէ վերադարձնել առեւանգուած բանակայինները: Իսկ անկեղծ ըսած, այսուհետեւ ճամբաներուն փակումը արգիլուած է», ըսաւ ան:

Մաշնուքի յայտարարութեան պատասխանեցին ընտանիքները, որոնք ըսին. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ ներքին գործոց նախարարին, որ իր խոստումը կատարեց եւ մեր զաւակները վերադարձուց, մեր կիները խոշտանգեց, մեզի խոշտանգեց ճամբուն կիսուն, շատ շնորհակալ ենք»:

Անոնք ընդգծեցին, որ Մաշնուք զիրենք բախումի կ՛առաջնորդէ` նկատել տալով, որ եթէ ուզուածը արիւն թափել է, ապա իրենց արիւնը լեղի է:

Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն դէմ գործուած բռնութիւնը եւ պատասխանատուներէն պահանջեց համեստ ըլլալ, որովհետեւ այդ ընտանիքները միայն իրենց շապիկը կը կրեն եւ ոչ թէ ունին ապահովական շքախումբեր, որոնցմով ճամբաներ կը փակուին:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր իր կարգին յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հետ եւ անոնցմէ խնդրած առիթ տալ կառավարութեան, որ իր աշխատանքը շարունակէ: Ան ըսաւ, որ ինք ընտանիքներուն պիտի այցելէ այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Նշենք, որ Ժապհաթ Նուսրան երէկ կէսօրէ ետք դարձեալ սպառնացած էր Ալի Պազզալը գլխատել, եթէ Ժումանա Հմայետ ազատ չարձակուի:

Աւելի ուշ, յայտարարուեցաւ, որ Ժապհաթ Նուսրա յետաձգած է Պազզալի գլխատումը:

Կէս գիշերին նախարարաց խորհուրդը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ բանակայինները որեւէ վնասէ կամ վտանգէ պաշտպանելու իր ճիգերն ու ջանքերը կը շարունակուին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES