Լիբանանեան Գրականութեան Եւ Բանաստեղծութեան Սիւներէն Սայիտ Աքլ Ոչ Եւս Է

1128_said_aklԼիբանանցի մեծ բանաստեղծ, գրող եւ մտաւորական Սայիտ Աքլ դար մը եւ երկու տարի ապրելէ եւ ստեղծագործելէ ետք երէկ կնքեց իր մահկանացուն:

Լիբանանի երգարուեստի առասպել Սապահի մահէն 48 ժամ ետք, մեծն բանաստեղծը փակեց իր աչքերը` հրաժեշտ տալով իր պաշտած երկրին` Լիբանանին:

Ծնած է Զահլէ` 1912-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զահլէի Մարեմական միաբանութեան վարժարանին մէջ: Պատանի հասակին արդէն ան կոչուած է «Փոքր բանաստեղծ»-ը:

Երբ ան կը պատրաստուէր իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու եւ դառնալու ճարտարապետ, անոր հայրը նիւթական ծանր վնաս մը կը կրէ եւ ինք կը ստիպուի ստանձնել տան նիւթական ծանր պատասխանատուութիւնները:

Ան Զահլէի դպրոցներուն մէջ ուսուցչութեան ասպարէզին կը նուիրուի, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատակցի լիբանանեան մամուլին մէջ:

Երեսունականներու սկիզբը ան հաստատուած է Պէյրութ, ուր աշխատակցած է «Պարք», «Մաարատ», «Լիսան ալհալ» եւ «Ժարիտա» օրաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Սայեատ» շաբաթաթերթին:

Ան յաճախած է Լիբանանեան համալսարան եւ աւարտած է արաբական գրականութեան ճիւղը, ապա Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ դարձած է դասախօս եւ դասաւանդած Լիբանանեան մտքի պատմութիւն:

1935-ին գրած է «Պընթ եաֆթահ» հատորը, որ ողբերգական բանաստեղծութիւն մըն է եւ աւելի ուշ վերածուած է լիբանանեան դասական թատերախաղի առաջին գործերէն: 1937-ին ան հրատարակեց «Մաժտալիա»-ն, որ փոխեց Արեւելքի մէջ բանաստեղծութեան դիմագիծը:

1944-ին գրած է «Քատմուս» թատերգութիւնը, 1950-ին գրած է իր գլուխ գործոցներէն «Ռինտալա» սիրային բանաստեղծութեան շարքը, 1961-ին լոյս ընծայած է «Եարա» հատորը, որ սիրային բանաստեղծութեան այլ գլուխ գործոց մը կը նկատուի:

Աքլի աշխատանքներէն են «Քասէլ Խամր», «Աժրաս Եասմին», «Քեզմէ գեղեցի՞կ. ո՛չ…», «Քիթապէլ ուարտ», «Քասայետ մին տաֆթարիհա», «Տուլզա» եւ «Խումասիյաթ», որ 1978-ին հրատարակուած է «լիբանաներէնով», այլ խօսքով` արաբերէն լեզուի լիբանանեան խօսելաձեւ` լատինական տառերով:

Հարկ է ընդգծել նաեւ, որ լիբանանցի բանաստեղծը մեծ հայասէր էր: Ան առիթ չէ փախցուցած գրաւոր թէ բանաւոր խօսքով արտայայտուելու հայոց առաքինութիւններուն, արիութեան եւ մեծ ողբերգութեան` Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Նշելի է, որ մեծ բանաստեղծը գրած է լիբանանահայ գրող եւ մտաւորական Շահանդուխտի «Սաննինէն ջուր խմեցինք» հատորին յառաջաբանը: Եղած է հայ գիրի եւ արուեստի ջերմ պաշտպան: Իր անունով հաստատուած մրցանակի նիւթական պարգեւէն օգտուած են արուեստագէտներ Վիքի Կարապետեան եւ Արփինէ Փեհլիւանեան:

Երիտասարդ հասակին բանաստեղծը ապրած է կուսակցական փորձառութիւն: Քսան տարեկան հասակին Աքլ անդամակցած է Ղովմի կուսակցութեան, իսկ երբ իմացած է, որ կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէ իր հիմնադրած քաղաքական շարժումին համար քայլերգ մը կը փնտռէ, գրած է բանաստեղծութիւն մը, որ սակայն Սաատէի կողմէ մերժուած է` նկատի ունենալով, որ Աքլ գրած էր «Սուրիա բոլորէն վեր» արտայայտութիւնը, որ համազօր էր Հիթլերի` «Գերմանիա բոլորէն վեր» հռչակաւոր արտայայտութեան:

Ղովմի կուսակցութեան իր անդամակցութենէն երկու տարի ետք, Աքլ հրաժարած է կուսակցութենէն եւ ապա տարիներ ետք անդամակցած է Արաբական ազգայնական շարժումին, որմէ նաեւ աւելի ուշ հեռացած է եւ դարձած փիւնիկեան ազգայնականութեան ջատագով:

Այս վերջինը ոմանց կողմէ նկատուած է քրիստոնէական ճահճացում եւ ծայրայեղականութիւն:

Ոմանք կը մեղադրեն նաեւ Աքլի կողմէ` 1982-ին Իսրայէլի կողմէ Լիբանան ներխուժումին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցական կեցուածքը, մերժելով Լիբանանի մէջ պաղեստինեան զինեալ իրականութիւնը:

Սայիտ Աքլի կորուստով լիբանանեան բանաստեղծութիւնը կորսնցուց իր սիւներէն մէկը: Գրական աշխարհին մէջ անոր ստեղծագործութիւնը եղաւ իւրայատուկ` լիբանանեան դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանի նկատմամբ սէրը հզօրացնելու առումով:

Սայիտ Աքլի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ, ապա անոր մարմինը պիտի փոխադրուի իր ծննդավայրը` Զահլէ, ուր հողին պիտի յանձնուի, Քսարայի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ կատարուելիք թաղման կարգէն ետք:

Նշենք, որ Աքլի մարմինը երկուշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2014-ին, Զուք Մուսպեհի «Էն. Տի. Եու» համալսարանին մէջ պիտի զետեղուի, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ուր նաեւ ցաւակցութիւններ պիտի ընդունուին:

 

Share this Article
CATEGORIES