Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Մկրտչեանի Եւ Ղուկասեանի Ձեռք Ձգած Արդիւնքը
Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) իր աւարտին կը մօտենայ Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանէն 12 ծանրաբարձներ (10 տղաք եւ 2 աղջիկներ):
20 տարեկանէն վար Հայաստանը ներկայացնող Մկրտիչ Մկրտչեան եւ Գարուշ Ղուկասեան վերջնական դասաւորման մէջ (94 քկ) յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ եւ 8-րդ դիրքերը:
Մկրտչեան արձանագրեց 346 քկ (156 + 190), իսկ Ղուկասեան` 334 քկ (151 + 183) արդիւնք մը:
Ոսկի մետալին տիրացաւ Ռուսիան ներկայացնող Կիորկի Քուփցով, որ արձանագրեց 385 քկ (175 + 210) արդիւնք մը:
CATEGORIES Մարզական

