ՀՄԸՄ Անթիլիասի Խումբը Մեկնեցաւ Չինաստան Եւ Վերադարձաւ Յաղթական

1128_kung-fu-antelias21 հոկտեմբերին ՀՄԸՄ Անթիլիասի քոնկ ֆուի խումբը մեկնեցաւ Չը Ծօ քաղաքը (Չինաստան)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ուու շուի աշխարհի 6-րդ ախոյեանութեան:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր աշխարհահռչակ մարզիկ, մարզիչ եւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան: Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Սեւան Սերոբեան (Թայ չի- Եանկ սթայլ) եւ Աւօ Մանճեան (Չան չուան եւ Տաօ շու): Այս մարզիկներուն հետ մեկնեցաւ նաեւ Պարպարա Ռասին իր անձնական միջոցներով` իբրեւ Չեն սթայլի մարզիկ, Աւետիս Սերոբեանի հովանաւորութեան ներքեւ:

Ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ 24-էն 30 հոկտեմբերի միջեւ` Չէ Ծոյի մէջ: Հոն Սեւան Սերոբեան ապահովեց 2 պրոնզ մետալներ:

1128_kung-fu-antelias2Ինչ կը վերաբերի Պարպարա Ռասիի, ան կրցաւ ձեռք բերել 1 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալներ:

31 հոկտեմբերին խումբը մեկնեցաւ Չընկ Տու քաղաքը` այս անգամ մասնակցելու Թայ չիի աշխարհի առաջին ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ 1-էն 4 նոյեմբերի միջեւ եւ կատարուեցաւ ողիմպիական օրէնքներով:

Այս միջոցին խումբին միացաւ նաեւ Վիգէն Տեմիրճեան:

Վերոյիշեալ ախոյեանութեան ընթացքին մարզիկները բարձր մակարդակ ցուցաբերեցին` բարձր դասուելով միջազգային խումբերուն մէջ: Այս մրցումին ձեռք բերուեցան 1 պրոնզ (Պարպարա Ռասի) եւ 1 արծաթ (Վիգէն Տեմիրճեան) մետալներ:

Իսկ Սեւան Սերոբեան կրցաւ 8-րդ դիրքը ապահովել 20 մարզիկներու մէջ, բոլորն ալ` Չինաստանի եւ արեւելեան Ասիոյ մասնագիտացած խաւին մաս կազմող:

1128_kung-fu-antelias1Պէտք է ըսել, որ վերոնշեալ բոլոր մարզիկները ապագայի հաշւոյն շատ մեծ դեր կը խաղան Լիբանանին մէջ Թայ չի մարզաձեւին տարածման իմաստով` շնորհիւ երկու անգամ աշխարհի Թայ չիի ախոյեան, մարզիչ եւ իրաւարար Աւետիս Սերոբեանին ներկայութեան, որ ՀՄԸՄ-ի շուքին տակ կը պատրաստէ նոր ախոյեաններ, որոնք պիտի մասնակցին Թայ չիի տարբեր տեսակի մրցումներուն` ՀՄԸՄ-ի եւ «Փեթլըսնըս»-ի հովանաւորութեամբ:

Եզրափակելու համար տեղեկացնենք, որ առաջին անգամ ըլլալով Թայ չիի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 տարին անգամ մը, մինչեւ 2020-ի ողիմպիական խաղերը, երբ այս մարզաձեւը պաշտօնապէս նկատի պիտի առնուի իբրեւ ողիմպիական խաղերէն մէկը:

Այս 2 մրցումներուն մասնակցիլը կարելի դարձաւ շնորհիւ ՀՄԸՄ-ին եւ Աւետիս Սերոբեանի խումբին ջանքերուն:

Share this Article
CATEGORIES