Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Խըյուլ
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 29 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Խըյուլը:
Նշենք, որ միեւնոյն ժամուն, սակայն Ահտի դաշտին վրայ, տեղի կ՛ունենայ Մապարրա – Սաժես մրցումը:
Ցարդ իր կատարած 7 մրցումէն ՀՄԸՄ ապահոված է 12 կէտ` նշանակելով 14 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստանալով 12 կոլ:
Ինչ կը վերաբերի Խըյուլի, անիկա 7 մրցումէ կրցած է ապահովել 4 կէտ` նշանակելով 5 եւ ստանալով 17 կոլ:
Սակայն, ինչ ալ ըլլայ մրցակից կազմի մը արձանագրած արդիւնքը կամ անոր գրաւած դիրքը, պէտք է դաշտ ներկայանալ յաղթելու վճռականութեամբ` պահ մը կարծելով, որ աւարտականի մրցում մը տեղի կ՛ունենայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները այսօր իրենց ամէն կարելին պէտք է ընեն, որպէսզի առաւելագոյն 3 կէտը խլեն իրենց մրցակիցէն:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք կը նկատուին խումբին յաջողութեան կարեւոր բանալին, այսօր ուղղուելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ, պիտի քաջալերեն իրենց կազմը:
Նշենք, որ երէկ, 9-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն, Ահլի Սայտա հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շեպիպեթ Մազրաայի հետ (0-0), Իսլահ Պըրժ Շիմալի յաղթեց Ահլի Նապաթիէի (2-0), մինչ Ռիատա Ուալ Ատապ – Ամալ Թրիփոլի մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:

