Թուային Ժամանակներու Մէջ. Դիմատետրի Վրայ Ամէնէն Աւելի Ընդհանրացած 5 Խաբէութիւնները
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԽԱԲԵԲԱՆԵՐ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆ ՄԱՐԴՈՑ ՆԱՐՍԻՍԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿՈՒՄՆԵՐԸ` ԶԱՆՈՆՔ ՄՂԵԼՈՎ, ՈՐ «ՔԼԻՔ» ԸՆԵՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ, ԵՐԲ ԿԸ ԳԻՏԱԿՑԻՆ, ԹԷ ՊԷՏՔ Է ԶԳՈՒՇԱՆԱՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԹՈՒԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՈՐՍԵՐ ՓՆՏՌՈՂ ԽԱԲԵԲԱՆԵՐՈՒ ԿԻՐԱՐԿԱԾ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՆԱՐՔՆԵՐԸ:
Որքան ալ կարծենք, թէ ծանօթ ենք արհեստագիտական աշխարհին գաղտնիքներուն, չենք դադրիր հաւանական որսը ըլլալէ Դիմատետրի վրայ թափառող խաբեբաներուն, ինչպէս կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւն մը, որ քննած է Դիմատետրի վրայ ամէնէն աւելի յաջող արդիւնքները արձանագրած խաբէութեան միջոցները:
Ապահովական «Պիթտիֆենտըր» ընկերութիւնը վերջին երկու տարիներուն ուսումնասիրած է աւելի քան 850 հազար խաբէութիւններ եւ եզրակացուցած է, թէ մարդոց դէմ ամէնէն աւելի վտանգաւոր 5 սպառնալիքները յաճախ թիրախ կը դարձնեն անոնց հետաքրքրութիւնը եւ զանոնք կը մղեն, որ «քլիք» ընեն կասկածելի հասցէներու վրայ կամ ներբեռնեն համացանցի ժահրերով վարակուած ծրագիրներ:
Ամէնէն աւելի սովորական հնարքներէն մէկը հետեւեալ հարցումն է. «Կես հու վիուտ եուր փրոֆայլ» (գիտցէք, թէ ով կարդացած է ձեր մասին): Այս հարցումով սկիզբ առած խաբէութիւններուն համեմատութիւնը 45.5 առ հարիւր է: «Պիթտիֆենտըր»-ի համաձայն, նման հարցումներ գրաւիչ կը թուին, որովհետեւ «մարդիկ տեղեակ չեն, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կը գործեն համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան կայքերը: Շատեր կը կարծեն, թէ գոյութիւն ունին անձեր, որոնք նման տեղեկութիւններ կը հաւաքեն: Այսինքն գիտեն, թէ ո՛վ կարդացած է մեր մասին:
Երկրորդ ամէնէն աւելի ընդհանրացած խաբէութիւնը յաւելեալ գործունէութիւն կը խոստանայ Դիմատետր գործածողներուն` դարձեալ օգտուելով անոնց Դիմատետրի գործունէութեան անբաւարար ծանօթութենէն: Խաբէութիւնը հիմնուած է այն խոստումին վրայ, որ եթէ որոշ նիւթ մը ներբեռնենք, ապա կը գրաւենք յատուկ դիրք` Դիմատետրի աշխարհին մէջ: Այս ձեւի խաբէութեան համեմատութիւնը 29.53 առ հարիւր է:
Սուտ նուէրներու խոստումի համեմատութիւնը 16.51 առ հարիւր է: Խաբեբաներ կը խոտանան նուէրներ, դրամական մեծ պարգեւներ, աժան գիներ` սրելով մարդոց հետաքրքրութիւնը, առաջարկելով աստղերու մասին գայթակղութիւններ բացայայտող լուրեր (ասոնք կը կազմեն խաբէութիւններուն 7.53 առ հարիւր համեմատութիւնը) կամ` բրտութեան, ոճիրի եւ մանուկներու չարաշահութեան տեսարաններ պատկերով տեսերիզներ (խաբէութիւններուն 0.93 առ հարիւրը):
«Պիթտիֆենտըր»-ի համաձայն, Դիմատետր գործածող մեծ թիւով անձեր կը խաբուին «հոգեբանական խթաններու» պատճառով, զորս կը չարաշահեն համացանցի վրայ ոճրային նպատակներ հետապնդող անձերը:
Ուսումնասիրողները խորհուրդ կու տան ոչ միայն «քլիք» չընել, այլ նաեւ համակարգիչը տեւաբար պաշտպանել եւ զինել ժահրերու դէմ ծրագիրներով:

