50 Տարի Առաջ (1 Դեկտեմբեր 1964)
Ծոյլը
Ծոյլ մարդուն մէկը, կեանքէն ձանձրացած, կը կանչէ իր բարեկամները ու կ՛ըսէ.
«Բարեկամնե՛րս, ես այս աշխարհիս նեղութիւններուն չեմ կրնար դիմանալ, խնդրեմ, զիս սնտուկի մը մէջ դրէք, տարէք` ողջ ողջ թաղեցէք»:
Բարեկամներէն մէկը մտածելով, որ խեղճը քանի մը օր անօթի մնացած ու յուսահատած է, կ՛երթայ քիչ մը կերակուր կը բերէ, բայց ծոյլը կը մերժէ:
«Չէ՛, բարեկա՛մ, չեմ ուտեր,- կ՛ըսէ. ըսենք, թէ հիմա կերայ, կշտացայ, եթէ նորէն անօթենամ, կրկին ելլել աշխատելու է, յոգնելու է. ի՞նչ հարկ կայ, տարէ՛ք, տարէ՛ք, զիս թաղեցէք»:
Բարեկամները կը տեսնեն, որ ճար չկայ, «աշխարհիս վրայ այս բանն ալ թող լսուած ըլլայ» ըսելով` կ՛առնեն մարդուկը, սնտուկին մէջ կը դնեն ու խնդալով ծիծաղելով` կը տանին:
Ճամբան պառաւ մը կը հանդիպի.
«Այդ ի՞նչ է, ինչո՞ւ կը ծիծաղիք» կը հարցնէ: Անոնք պառաւին կը պատմեն եղելութիւնը:
«Կեցէ՛ք,- կ՛ըսէ պառաւը.- իմ ամուսինս այս շաբաթ մեռաւ, երկու շտեմարան լեցուն պաքիսմատ մնաց, ըսէք այդ ծոյլին որ այդ պաքսիմաստը իրեն կու տամ, թող երթայ եւ հինգ-տասը տարի ուտէ, ետքը եթէ ողջ մնայ, Աստուած ողորմած է, ուրիշ դուռ մըն ալ կը բանայ»:
Բարեկամները կը մօտենան սնտուկին, «Ե՛լ, վա՛ր իջիր,- կ՛ըսեն,- ահա այս տանտիկինը քեզի երկու շտեմարան պաքսիմատ կը նուիրէ գնա՛, կամաց կամաց կեր. յետոյ Աստուած ողորմած է»:
Ծոյլը կը վերցնէ գլուխը ու կ՛ըսէ.
«Գացէք հարցուցէք այդ պառաւին, թէ հացը չո՞ր է, թէ՞ թրջած»:
Հայկական Կեանք
Գերշ. Գարեգին Սրբազան
Աթէնքի Մէջ
Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-ի մէջ (27 նոյեմբեր) կը կարդանք.-
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս, որ իբրեւ կաթողիկոսութեան դէտ, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի ալ կը մասնակցէր Վատիկանի Բ. ժողովին, Հռոմէն Պէյրութ վերադարձի ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ Աթէնք, ուր ընդունուեցաւ առաջնորդ Այվազեան սրբազան հօր, Ազգ. իշխանութեան եւ «Ազատ Օր»-ի ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Գարեգին սրբազան քանի մը օր պիտի մնայ Յունաստան եւ առաջնորդ սրբազան հօր կարգադրութեամբ պիտի պատարագէ ու դասախօսէ Թեսաղոնիկէի մէջ եւ Աթէնք:
Աշխարհի Մեծագոյն Հարուստները
Կիւլպէնկեան Եւ Փոլ Կեթի
Անգլիոյ մէջ Պետֆորտի դուքսը եւ դքսուհին շքեղաշուք հացկերոյթ մը սարքած են` ի պատիւ աշխարհի երկու մեծագոյն հարուստներուն, Փոլ Կեթիի եւ Նուպար Կիւլպէնկեանի (Այլ անուամբ` Պարոն հինգ առ հարիւր): Հացկերոյթը սարքուած է Լոնտոնէն 60 քմ. հեռու, Ուոպըրն Էպպիլի մէջ, էլիզապէթեան ճաշացուցակով մը` վառեակ, եղնիկի խորոված, մեղրով եփուած համադամներ, հազուագիւտ ըմպելիներ: Երեկոյթին անակնկալներէն մին կազմած է աշխարհի գեղեցկութեան թագուհիի թեկնածուներու տողանցքը, որ շլացուցած է հրաւիրեալներուն աչքերը:
Սայաթ Նովա Պողոտայ
Հայաստանի Մէջ
Սայաթ Նովայի 250-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ բացած են լայն պողոտայ մը` բանաստեղծին անունով, իր զարդերով եւ ճոխութեամբ շքեղագոյն պողոտան պիտի ըլլայ: Փողոցը լայն եւ երկայն է, մէջտեղէն գետնի տակ լոյսի շղթայ մը կայ. մայթերու վրայ կանգնած են արձաններ, որոնց վրայ ծաղիկներ են նկարուած, կան յատուկ յուշարձաններ ուր բանաստեղծին խօսքերը քանդակուած են:
Իսկ փողոցի վերջաւորութեան (օփերայի) թիկունքին կը բարձրանայ Սայաթ Նովայի գեղեցիկ արձանը: Այս առթիւ բացած են նաեւ իր անունին տուն-թանգարանը, ուր հաւաքած են մեծ բանաստեղծին վերաբերեալ բոլոր արժէքաւոր առարկաները:
Մարաղայի Հայ Գաղութը
Ատրպատականի Թեմ
Մարաղան կը գտնուի Թաւրիզէն 120 քմ. հեռու, դէպի հարաւ:
Մինչեւ 1964 մօտ 225 հայ ընտանիք հաշուող գաղութ մը եղած է: Այժմ կան միայն 70 ընտանիքներ:
Ունի իր եկեղեցին, Ս. Յովհաննու Կարապետ, ազգային դպրոց մը 60 երկսեռ աշակերտութեամբ, երիտասարդներու ժամադրավայր «Արարատ» սրահը եւ գրադարան մը:
Գաղութի ազգային կեանքը կը վարէ Գործակալական խորհուրդը:
Երկար տարիներ շրջանը մնացած է առանց հովիւի:
Ատրպատականի առաջնորդ Վարդան վրդ. Տեմիրճեանի կարգադրութեամբ, հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Վարդան քհնյ. Պոյաճեան:
Մարաղայի այլ շրջաններուն մէջ եւս կան ազգապատկան կալուածներ:
Իր արուարձաններէն Բեհրապայի մէջ կայ Ս. Աստուածածին մատուռը, կառուցուած` 1861-ին:
Մարաղայէն 60 քմ. դէպի հարաւ կը գտնուի Միանտապ գիւղաքաղաքը, ուր կ՛ապրին տասը հայ ընտանիքներ: Ունի Ս. Սարգիս հողաշէն մատուռը` յարակից հողամասով:
Միանպատէն 3 քմ. հեռու կը գտնուի Թաղիապատ գիւղը, ուր կ՛ապրին եօթը հայ ընտանիքներ: Ունի Ս. Աստուածածին հողաշէն մատուռը` յարակից հողամասով: Ներգաղթէն առաջ ունեցած է 115 ընտանիք:
Թաղիապատէն 40 քմ. հեռու, դէպի հարաւ-արեւմուտք կը գտնուի Մահապատ գիւղաքաղաքը, ուր կ՛ապրին 15 հայ եւ 10 ասորի հայախօս ընտանիքներ: Ունի փլած եկեղեցի մը` յարակից հողամասով:

