Թուրք Մտաւորականը Կը Հաստատէ` Թուրքիան Ճշմարտութեան Համար Պատերազմը Կորսնցուցած Է
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին տարիներուն կը բազմանան թուրք մտաւորականներու, գիտաշխատողներու, լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու շարքերը, որոնք համարձակ դիրքորոշում կը դրսեւորեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ` ընդդէմ իրենց կառավարութեան ժխտողականութեան: Հակառակ անոնց դեռ փոքրաթիւ քանակին եւ նախագահ Էրտողանի վրայ ունեցած չնչին ազդեցութեան` պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան պէտք է իրականացնել երկու ճակատով` Թուրքիոյ մէջ եւ դուրս: Յուսանք, որ ժամանակի ընթացքին նման ազատամիտ թուրքերու շարքերը կը բազմանան` ստիպելով իրենց կառավարութեան` բարեփոխումներ իրականացնելու շարք մը հարցերու վերաբերեալ, որոնց շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան:
Սակայն այս յառաջադէմ թուրքերը պէտք չէ դիտարկել որպէս Հայ դատի գործիչներ: Անոնց հիմնական նպատակն է ապրիլ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ, ուր կը յարգեն բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ կ՛ընդունին անցեալի մութ էջերը:
Նման արդարամիտ թուրքերէն մէկը Պոլսոյ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Ճենկիզ Աքթարն է, որ երկար տարիներ պաշտպանած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կառավարութենէն:
Այս տարուան սկիզբը Աքթարը երկու ազդեցիկ յօդուածներ գրեց` վիճարկելով Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութիւնը: «Թուտէյզ Զաման» թերթին մէջ ապրիլ 21-ին հրապարակուած առաջին յօդուածը վերնագրուած էր «99-րդ տարելիցը»: Երկրորդ յօդուածը, որ ապրիլ 24-ին տեղադրուած էր «Ժազիրա» անգլերէն կայքին մէջ, կը կրէր` «Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիան ճշմարտութեան համար պայքարը կորսնցուցած է» խորագիրը եւ «Հզօրացող թուրք հասարակութիւնը այժմ կը վիճարկէ 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ պետութեան ժխտողական մտածելակերպը» ենթախորագիրը:
Աքթարը իր առաջին յօդուածին մէջ ապրիլ 24-ը կը նկարագրէ որպէս «խորհրդանշական օր հայերու համար, որոնք բռնի ուժով սփռուած են ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս համընդհանուր աղէտը տակաւին չէ ճանչցուած Թուրքիոյ մէջ: Նոյնիսկ այն փաստը, որ Անատոլիոյ հայերը ամբողջովին բնաջնջուեցան իրենց հայրենիքին մէջ, բաւարար չէ ժողովուրդին եւ պետութեան համար, որպէսզի ճանչնան զայն»:
Այնուհետեւ Աքթարը ծաղրի կ՛ենթարկէ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի «պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով» ստեղծելու կոչը, քանի որ ան` «մէկ կողմէ բաղկացած պիտի ըլլայ «ցեղասպանութեան փորձագէտներէ», իսկ միւս կողմէ` ուրացող փրոֆեսորներէ, որոնք չեն կրնար նոյնիսկ հաւաքուիլ, դեռ չենք խօսիր որոշում կայացնելու մասին»:
Յօդուածը աւարտելով լաւատեսական նոթով` Աքթարը կը դիտարկէ. «Ի տարբերութիւն պետութեան` թուրք հասարակութիւնը այսօր հարցեր կը բարձրացնէ անցեալին մասին եւ պատշաճ պատասխաններ կ՛որոնէ: Ասիկա ճշմարտութիւնը դիմագրաւելու ամենաառողջ եւ մնայուն մօտեցումն է: Այս հողերուն վրայ խաղաղութիւն չ՛ըլլար առանց անցեալին հետ առերեսուելու: 2015 թուականը պիտի ըլլայ ճշմարտութեան եւ յիշողութեան փնտռտուքի խորացման տարի, նոյնիսկ եթէ ատիկա կառավարութեան հաճելի չէ»:
«Ժազիրա»-ի մէջ տեղադրուած յօդուածին մէջ թուրք գիտնականը Հայոց ցեղասպանութեան ուղղութեամբ իր կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը բաժանած է երեք ոլորտներու. լոպիական գործունէութիւն Ազրպէյճանի հետ համատեղ, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու մէջ, գիտաշխատողներու վարձում` Թուրքիոյ «գռեհիկ ժխտողականութեան» գիտական տեսք տալու համար, եւ ուշադրութեան շեղում Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն` կեդրոնանալով այլ իրադարձութիւններու վրայ, ինչպիսիք են` «Տարտանելի ճակատամարտի յաղթանակը» եւ «Սարըղամիշի ռազմական ջախջախումը»:
Հակառակ եռանդուն ժխտողական քարոզչութեան` Աքթարը կը պնդէ` որ «Թուրքիան արդէն շատոնց կորսնցուցած է ճշմարտութեան համար պայքարը: Հայ ժողովուրդի բնաջնջումը իր նախնիներու երկրին մէջ, ինչպէս ալ որ զայն անուանէք, ակնյայտ փաստ է»:
Աքթարը 1915 թուականի ապրիլ 24-ը կը նկարագրէ որպէս` «սեւ օր, երբ Անատոլիայէն հայերուն ջնջելու որոշումը սկսաւ գործադրուիլ երիտթուրքերու օսմանեան կառավարութեան կամ իթթիհատականներու կողմէ: Ասոր դրդապատճառը մահմետականներէ կազմուած միատարր բնակչութեան ստեղծումն էր, որ նախատեսուած էր դեռ չստեղծուած Թուրքիոյ հիմքը ձեւաւորելու համար: Այնպէս որ, այստեղ քրիստոնեայ ժողովուրդներու համար տեղ չկար` հակառակ անոնց պատմական ներկայութեան այդ հողերու վրայ»:
Այնուհետեւ թուրք գիտաշխատողը կ՛անդրադառնայ` «երիտթուրքերու անկումէն ետք իշխանութեան եկած օսմանեան կառավարութեան կողմէ 1919 թուականի մայիսին յանձնարարուած զեկոյցին», ուր նշուած է, որ 800 հազար հայ սպաննուած է մինչեւ այդ թուականը: Աքթարը նաեւ կը մէջբերէ 1928 թուականին Թուրքիոյ սպայակոյտի շտապի հրատարակած գիրքէն, ուր նշուած է. «800 հազար հայ եւ 200 հազար յոյն սպաննուած են ջարդերու, բռնի տեղահանութեան եւ տաժանակիր աշխատանքի իբրեւ հետեւանք»: Աքթարը կ՛եզրակացնէ. «Եթէ աւելցնենք նաեւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ 1918 թուականէն ետք սովի, համաճարակներու եւ ջարդերու պատճառով մահացածները, ապա այդ թիւը կը գերազանցէ մէկ միլիոնը: Իթթիհատականներու զտման աշխատանքը աւարտեցին քեմալականները` պարտաւորեցնելով ամբողջ Անատոլիոյ տարածքին փրկուածներուն պատսպարուիլ Պոլսոյ մէջ եւ միաժամանակ արգիլելով անոնց սրբավայրերն ու դպրոցները ամբողջ Անատոլիոյ մէջ»:
Յանդուգն թուրք մտաւորականը իր ազդեցիկ յօդուածը կ՛աւարտէ սթափ իրատեսական գրառումով. «Ճինը (ոգի) շիշէն դուրս եկած է: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ան կրնայ ազդել պետութեան քաղաքականութեան վրայ, դժուար է կանխատեսել»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

