Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Մետալներու Դասաւորումը

1130_dzanrapartzArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ հաղորդեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) աւարտեցաւ Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:

Ախոյեանութեան պաշտօնական կայքը հրապարակեց մետալներուն վերջնական դասաւորման պատկերը, որուն մէջ Հայաստանի հաւաքականներուն դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

20 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը գրաւեց 3-րդ դիրքը` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ետին: Նշենք, որ Իզապելլա Եայլեան հռչակուեցաւ ախոյեան: Մասնակցեցաւ նաեւ Տաթեւ Յակոբեան:

Ինչ կը վերաբերի նոյն դասակարգի տղոց մրցումներուն, ու Հայաստանը կը ներկայացնէին 8 մարզիկներ, հայրենի կազմը տիրացաւ 1 ոսկի, 4 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներու: Հայաստան գրաւեց 4-րդ դիրքը` Ռուսիոյ, Իտալիոյ եւ Մոլտովայի ետին:

23 տարեկանէն վար տղոց պայքարին մէջ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչ Սմբատ Մարգարեանի տիրացած ոսկի մետալին շնորհիւ Հայաստան  գրաւեց 7-րդ դիրքը: Առաջին երեք դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Ռուսիա, Սպանիա եւ Պիելոռուսիա:

Նշենք, որ 23 տարեկանէն վար աղջկանց պայքարին մէջ Հայաստան մասնակից չունէր, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

 

Share this Article
CATEGORIES