50 Տարի Առաջ (2 Դեկտեմբեր 1964)
Պապը Պէյրութ Հասաւ Այս Առաւօտ
Պետական Եւ Ժողովրդական
Աննախընթաց Ընդունելութիւն
Պապը այսօր` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:15-ին հասաւ Պէյրութի օդակայանը, ուր կէս ժամ մնալէ ետք մեկնեցաւ Պոմպէյ` եռօրեայ այցելութեան մը համար, Ս. Հաղորդութեան համագումարին առթիւ: Պապը կարճ ճառ մը խօսեցաւ իր օրհնութիւնը տալէ առաջ բազմութեան, օդակայանի տանիքէն:
Պապական օդանաւը Հռոմէն մեկնեցաւ այս առտու ժամը 5:15-ին (Պէյրութի ժամ): Պօղոս Զ. առաջին պապն է, որ Լիբանան կու գայ: Պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ընդամէնը 19 պապեր դուրս ելած են Վատիկանէն, բայց մեծ մասամբ` պարտադրանքի տակ:
Արշալոյսէն սկսեալ հազարաւոր անձեր Խալտէ կը փութային` սպասելու համար պապը, օդակայանի մեծ հրապարակին վրայ: Շատեր անկողին եւ վերմակ տարած էին հոն գիշերելու համար:
Օդակայանը երէկ մրջնոցի մը կը նմանէր: Ամբողջ գիշերը օդակայանի տնօրէնութիւնը ժամացոյցի դէմ պայքար տարաւ օդակայանը մաքրելու համար: Միւս կողմէ, պատկերասփիւռի ընկերութիւնները գործի վրայ էին իրենց մեքենաները զետեղելու համար:
Դուրսը, կայանին առջեւ, շինուած են երկու թրիպիւններ: Անոնցմէ մէկը յատկացուած է պաշտօնական անձնաւորութիւններու: Միւսը` լրագրողներու: 170 մեթրնոց գորգ մը պիտի փռուի պապի ոտքերուն տակ, երբ ան պիտի բարձրանայ չորրորդ յարկը, տալու համար իր օրհնութիւնը:
Սուրիա Պիտի Ողջունէ Պապը
Արտօնեալ աղբիւրներու համաձայն, սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը պիտի ողջունէ Պօղոս Զ. քահանայապետը Պէյրութի մէջ, չորեքշաբթի, յանուն Սուրիոյ կառավարութեան:
Սուրիական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ տեղեկատուութեան նախարար Մաշուր Զէյթուն. մաս պիտի կազմեն դեսպաններ` Սապեթ Արիս եւ Ասաատ Մոհաֆֆել, ինչպէս նաեւ օտար խնդիրներու համար նախագահական խորհուրդի խորհրդատու` Իպրահիմ Խուրի:
Ներքին Կեանք
Սենտիքաները Աշխատավարձի
Յաւելում Կը Պահանջեն
Քանի մը շաբաթէ ի վեր, սենտիքաներու, գործատէրերու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան` աշխատավարձերու 15 առ հարիւր ընդհանուր յաւելման եւ օրինական նուազագոյն աշխատավարձի 125-էն 175 լ. ոսկիի բարձրացման պահանջին շուրջ: Մինչեւ հիմա այս բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չտուին: Սենտիքաներուն դիրքը կարծրացաւ:
Լիբանանի Աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնակցութիւնն ու միացեալ սենտիքաները երէկ իրիկուն հրատարակեցին կոչ մը, որ ազդարարութեան բնոյթ ունի: Այդ զեկոյցէն ի յայտ կու գայ, որ եթէ գործատէրերու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն եւ ընկերային հարցերու նախարարին այսօրուան ժողովը որեւէ արդիւնք չտայ, սենտիքաները պիտի գումարուին յառաջիկայ ուրբաթ` «գործադրելու համար իրենց տուած ծանրակշիռ որոշումները»:
Անհաւատալի Հրդեհ
«Ատմիրալթի լայնի» շոգենաւը` «Մակեդոնիա», նոյեմբեր 11-ի գիշերը ժայռերուն զարնուեցաւ Աղաւնիներու քարայրէն 200 մեթր անդին, զարմանալի պայմաններու մէջ, երբ ծովը հանդարտ էր եւ լուսնի լոյս կար: Երէկ իրիկուն նոյնքան զարմանալիօրէն նաւուն խլեակը բոցերու ճարակ դարձաւ:
Նաւուն կեդրոնական մասը յանկարծ կրակ առաւ: Ինչպէ՞ս հրդեհ ծագեցաւ, քանի որ շոգենաւին վրայ ամէն բան ջուրով ողողուած է:
Վերջին լուրերուն համաձայն, կ՛իմանանք, որ եզերապահ ուժերու քորվեթ մը կեցուցած է շարժակով մակոյկ մը, որ տեսնուած է խլեակին մօտ, հրդեհէն քանի մը վայրկեան առաջ: Հրդեհը ծագած է այս մակոյկին հեռանալէն քիչ յետոյ: Մակոյկին մէջ գտնուող անձերը արդարութեան տրամադրութեան տակ դրուած են:
Շաքարի Եւ Սինեմայի Գիները
Անփոփոխ Պիտի Մնան
Ազգային տնտեսութեան նախարար Պեհիժ Թաքիէտտին երկու կարեւոր որոշումներ տուաւ երէկ.
Առաջին որոշումով մերժեց բարձրացնել լիբանանեան արտադրութիւն եղող ճերմակ շաքարին գինը: Արդարեւ, ազգային զտարաններու ներկայացուցիչները պահանջած էին շաքարի գինին յաւելումը:
Երկրորդ որոշումով շարժանկարի սրահներու մուտքի գիները նոյնը պահուեցան:
Անցեալ շաբաթ օր շարժանկարի սրահներու տէրերու սենտիքային ներկայացուցիչները, Ազգային Տնտեսութեան նախարարին հետ տեսակցութիւն մը ունենալով, արտօնութիւն ուզած էին աւելցնելու սինեմաներու սակերը: Ըսած էին, թէ դժուարութիւններու կը հանդիպին կառավարական տուրքերու եւ ժապաւէններու գիներուն յաւելման պատճառով:
Պ. Թաքիէտտին անոնց յայտնած էր, թէ սկզբունքով դէմ է նման յաւելումի մը:

