Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Յարատեւող եղէք ձեր գործին մէջ եւ պիտի գնահատուիք նիւթապէս:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր պիտի ըլլաք կարիքաւորներու հարցերուն, եթէ նոյնիսկ անոնք ոչինչ խնդրեն ձեզմէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յետ ուրախութեան մասնակից դարձուցէք անոնք, զորս կը սիրէք: Օրը պիտի անցնի ուրախ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հետեւեցէք ձեր բռնած ճամբուն: Եթէ ձեր փափաքները չիրականանան, ձեր արհեստը փոխելը բաղձալի չէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ պիտի քաջալերէք, որ պատանիները կարդան, թոյլ տուէք, որ իրենք ընտրեն իրենց գիրքերը, դասական մեծերը զիրենք կը սպասեն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամէն ինչ լաւ ընթացքի մէջ է: Ձեր երկինքը խոստմնալից է: Օրը բարի է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նախքան խրթին ձեւով սկսելու ձեր խօսքին, լաւ մտածեցէք ձեր այն ըսելիքներուն մասին, որոնք պիտի ուզէիք ըսել բանակցութեան մը ընթացքին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դուք ձեզ մի՛ չարչարէք տնային գործերը առանձին ընելով: Դիմեցէք օգնականի մը, որպէսզի հանգստանաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի պիտի ըսուին կարեւոր խօսքեր, որոնք կու գան անկեղծ սրտէ մը: Ձեր կարգին անկեղծ եղէք ձեր սէրը արտայայտելու համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ըսէք այն, ինչ որ ունիք ձեր սրտին վրայ, բայց` առանց վիրաւորելու ձեր անկեղծութեամբ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ յարձակունակ մի՛ ըլլաք աշխատանքի մէջ: Ամէն ինչ պիտի ստանաք դիւրութեամբ, բնական ձեւով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքը քիչ մը ծանր է, թեթեւցուցէք զայն, որպէսզի հանգիստ շնչէք:

 

Share this Article
CATEGORIES