Թուրքիա-Իսլամական Պետութիւն Գործակցութեան Մասին Ապացոյց Մը Եւս

1202_turkey-ISISՊառնի Կիթըն ամերիկեան «Նիուզուիք» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Իսլամական պետութեան (ԻՊ) նախկին անդամ մը բացայայտած է, թէ ինչպէ՛ս թրքական բանակը ահաբեկչական զինեալ խմբաւորման կ՛արտօնէ թրքական հողամասէն անցնելով` քրտական ուժերուն դէմ կռուող Իսլամական պետութեան ուժերը ամրապնդելու:

«Շերքօ Օմեր» ծածկանունով ԻՊ-ի նախկին անդամը պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ ինք զինեալ խումբի մը հետ Ռաքքայէն թրքական հողամասերու ճամբով մեկնած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Սերեքանիյէ` սուրիացի քիւրտերու դէմ յարձակում գործելու համար: Իրենց հրամանատարները բազմաթիւ անգամ իրենց կ՛ըսէին, որ «Թուրքիոյ հետ ամբողջական համագործակցութեան մէջ են»:

«ԻՊ-ի հրամանատարները մեզի կ՛ըսէին, որ չվախնանք, որովհետեւ Թուրքիոյ հետ ամբողջական համագործակցութեան մէջ են եւ աջակցութիւն կը ստանան Անգարայէն», նշած է Օմեր:

Օմեր իրաքեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ յաջող գործարարի մը զաւակն է: Ան Սուրիա մեկնած է մաս կազմելու համար Սուրիական ազատ բանակին, սակայն ինքզինք գտած է ԻՊ-ի շարքերուն մէջ եւ անկարող եղած է հեռանալու: Անոր վստահուած է կապաւորի պաշտօն: Ան կը նշէ, որ իր հրամանատարը յաճախ հաղորդակցութեան սարքով թրքերէն կը խօսէր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )