Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովը Կ՛աջակցի Ղարաբաղեան Խնդիրի Խաղաղ Լուծման

1201_Nalbandian_FrancophonieՖրանսախօսութեան  միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովը ընդունած է ճգնաժամային իրավիճակներու լուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր  Հայաստանի առաջարկով հաստատուած է կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու  ամբողջական աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

«Կոչ կ՛ուղղենք տագնապի բոլոր կողմերուն զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, որ կրնայ վտանգել լուծման խաղաղ հոլովոյթը, շարունակելու բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներու հիման վրայ, մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ  ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ», գրուած է Ֆրանսախօսութեան  միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES