Հայաստան Երախտագիտութիւն Կը Յայտնէ Պոլիվիոյ

1201_NalbandianՊաշտօնական Երեւան երախտագիտութիւն  յայտնած է Պոլիվիոյ խորհրդարանին ` Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունելուն համար:

«Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք  Պոլիվիոյ խորհրդարանին, երկրի ղեկավարութեան եւ  բարեկամ ժողովուրդին` Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար»,  յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծայայութեան, Նալբանդեան ըսած է. «Այս քայլով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, Պոլիվիա իր կարեւոր ներդրումը բերաւ պատմական արդարութեան վերականգնման, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ճանաչման, դատապարտման, կանխարգիլման եւ  ժխտողականութեան դէմ պայքարի վեհ գործին մէջ»:

Նալբանդեան Այսօր Պրիւքսել Կը Մեկնի

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային այցելութեամբ այսօր կը մեկնի Պրիւքսել:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Նալբանդեան ՕԹԱՆ-ի կեդրոնին մէջ  պիտի մասնակցի Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան ապահովման  «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման:

 

Share this Article
CATEGORIES