Լուրեր` Ճատրակի Աշխարհէն

1201_Chess---NewsՔաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ճատրակի մրցաշարք մը, որուն կը մասնակցին հայրենի մարզիկներ:

Կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան հինգերորդ հանգրուանի աւարտէն ետք կրցած է հաւաքել 3,5 կէտ, սակայն Սերկէյ Մովսիսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան ունին 3 կէտ: Ասոնց կողքին, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան ունին միայն 2,5 կէտ:

Նշենք, որ 5 կէտով, Տոհայի այս մրցաշարքին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ հոլանտացի կրանտմասթըր Անիշ Գիրին:

Միւս կողմէ, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի մրցաշարքին, հայազգի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան 3 հանգրուան խաղալէ ետք կրցաւ հաւաքել միայն 1,5 կէտ, սակայն 2,5 միաւորով պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ հունգարացի Փալոք Չափան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES