Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Ներկայացուցչական Խումբը 90-75 Արդիւնքով Յաղթեց Հուփսին

1201_HMEM-BasketballՆախանցեալ օր` կիրակի, 30 նոյեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը կատարեց իր առաջին բարեկամական մրցումը Հուփսին դէմ եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը: Խումբին տղաքը մարզիչին ցուցմունքներուն հետեւեցան ու յաղթեցին այս մրցումը 15 կէտի տարբերութեամբ` 90-75 արդիւնքով:

Այս տարեշրջանի պատրաստութեան խաղերու ծիրին մէջ երկրորդ բարեկամական մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ,  կէսօրէ ետք  ժամը 5:30-ին, Թատամոնին դէմ:

Կը խնդրուի բոլոր համակիրներէն ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար խումբը եւ ծանօթանալու այս տարուան նոր խաղացողներուն, որոնք բարձր պիտի պահեն ՀՄԸՄ-ի անունը:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի 2014-2015 տարեշրջանը ՀՄԸՄ-ի համար պիտի սկսի շաբաթ, 6 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Թրիփոլիի «Սաֆատի» դաշտին վրայ` Մութթահետին դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES