50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1964)

Խալտէի Միջազգային Օդակայանին Մէջ
Ծովածաւալ Բազմութեան Մը Կողմէ

Խանդավառ Ընդունելութիւն`
Պապին Պօղոս Զ. Եւ Նախագահ Հելու
Ոգեշունչ Ճառեր Փոխանակեցին

52 Վայրկեան Լիբանանեան Հողի Վրայ Մնալէ Ետք
Քահանայապետը Մեկնեցաւ Պոմպէյ, Ուր Հասաւ
Կէսօրէ Ետք` Մեծ Պատիւներու Արժանանալով

Տասնեակ հազարաւոր բազմութիւններ, աննախընթաց խանդավառութեամբ եւ ցնծութեամբ, ջերմ ընդունելութիւն մը վերապահած էին Պօղոս Զ. պապին, որ երէկ` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:17-ին ժամանեց Խալտէի օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի կողմէ:

Պաշտօնական թրիպիւնին մէջ տեղ գրաւած էին` խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ, վարչապետ Հիւսէյն Ուէյնի, կառավարութեան անդամները, մարոնի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը, պատրիարք Սայէղ, կարտինալ Թափունի, մետրոպոլիտ Էլիաս Սալիպի, երեսփոխաններ եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներ:

Անմիջապէս որ քահանայապետը, որուն նախագահ Հելու եւ կրօնական համայնքներու պետերը կը սպասէին օդանաւին մօտ, երեւցաւ աստիճաններուն գագաթը, ծափահարութիւններու փոթորիկ մը փրթաւ:

Լիբանանեան եւ պապական քայլերգներու նուագուելէն ետք, պապը եւ նախագահը աչքէ անցուցին պատուոյ պահակագունդը: Պատուոյ թրիպիւնին առջեւ Պօղոս Զ. ողջունեց ներկայ անձնաւորութիւնները` ձեռքի լայն շարժումով մը:

Այնուհետեւ, նախագահն ու պապը փոխանակեցին ճառեր, որոնց մէջ նախագահը ըսաւ. «Մեզի նկատմամբ Ս. Աթոռին այնքան նպաստաւոր զգացումները տեւաբար առիթ կ՛ընծայեն մեզի` պաշտպանելու արդար դատեր»: Իսկ պապը ըսաւ. «Լիբանան, իր պատմութեամբ, մշակոյթով, իր բնակիչներուն խաղաղասիրական նկարագրով, ընդհանուր յարգանքի ու բարեկամութեան արժանացած է: Ջերմ համակրանքով կ՛ողջունենք իր զաւակները` քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ»:

Այնուհետեւ, սուրիական պատուիրակութեան պետը, որ եկած էր ողջունելու պապը, Մաշհուր Զէյթուն արտասանեց քանի մը խօսքեր, որոնք նախագահ Հելուի կողմէ թարգմանուեցան ֆրանսերէնի: Սուրիացի նախարարը արտայայտեց արաբ ժողովուրդներու վստահութիւնը պապին բարեկամութեան եւ արդարամտութեան հանդէպ, մասնաւորաբար` Պաղեստինի հարցին եւ գաղթականներու խնդրին արդար լուծման համար:

Դարձեալ ընկերակցութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ կրօնական պետերուն, պապը վերելակով բարձրացաւ օդակայանին տանիքը` օրհնելու համար օդակայանին առջեւ հաւաքուած մարդկային ծովը:

Իր օրհնութիւնը տալէ առաջ արտասանեց կարճ ճառ մը` ըսելով. «Ձեզի կը թողում իմ սիրտս, գորովանքիս հաւաստիքը` հանդէպ ձեր սիրելի հայրենիքին եւ բոլոր մաղթանքներս անոր բարգաւաճման եւ խաղաղութեան համար: Կը մաղթեմ, որ Լիբանան միշտ հաւատարիմ ըլլայ իր քաղաքակրթական առաքելութեան եւ Քրիստոսի կրօնին ու հաւատքին»:

Ճառին վերջաւորութեան պապը երեք անգամ «կեցցէ Լիբանան» բացագանչեց:

Ժամը 9:00-ին պապը նոյն պատիւներով առաջնորդուեցաւ «Էր Ինտիա»-ի օդանաւը, որ ճամբայ ելաւ ժամը 9:16-ին:

Լիբանանէն հեռանալու պահուն պապը հետեւեալ պատգամը ուղղեց նախագահ Հելուի. «Խորապէս զգացուած ձերդ վսեմութեան, լիբանանեան իշխանութիւններու եւ բնակչութեանց ընդունելութենէն` Պէյրութէն կը տանինք անջնջելի յիշատակ մը, որուն համար սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք ազնիւ եւ սիրելի Լիբանանին եւ անոր նախագահին»:

Մեկնելէ առաջ պապը 20.000 տոլարի չէք մը յանձնեց նախագահ Հելուի` բարեսիրական նպատակներու գործածուելու համար:

Բացի օդակայան հաւաքուած հսկայ բազմութենէն, Լիբանանի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը կրցաւ հետեւիլ պապին ժամանման արարողութիւններուն` շնորհիւ հեռատեսիլի կայաններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )