Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Գալիք տօները շատ ծախսի դուռ պիտի բանան: Նկատի առէք ասիկա եւ հաշիւով ծախսեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր հմայքը միշտ տպաւորիչ է: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք ձեզմով հիացողներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պէտք է հետապնդէք ձեր ծրագիրները` հակառակ կարգ մը դժուարութիւններու: Քաջութի՛ւն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամներով ուրախ ժամանակ մը պիտի անցընէք, իւրաքանչիւրը` միւսը շնորհաւորելով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դուք ձեզ պիտի զսպէք ձեր աշխատանքին մէջ: Ձեր փափաքները պիտի չիրականանան, սակայն մտահոգիչ չէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մէկու մը պատահած անհաւատալի ճակատագիր մը որպէս օրինակ պիտի ծառայէ ձեզի: Գոհացէք ձեր կեանքով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի դասաւորէք ձեր թղթածրարը, զոր անտեսած էիք երկար ատենէ ի վեր: Հետեւող եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այն տպաւորութիւնը ունիք, որ ոչ ոք ձեզ կը հասկնայ: Հաւանաբար դուք ձեզ աւելի լաւ պէտք է բացատրէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Առօրեային մէջ դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Փորձեցէք հաճոյք գտնել փոքր հարցերու մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սէրը ձեզ շատ պիտի ուրախացնէ: Օգտուեցէք առիթէն եւ թեթեւի առէք ծանր նկատուած հարցերը. շատ լաւ պիտի զգաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Փոխուելու համար ձեր ըրած ջանքերը պիտի չնկատուին: Նկատի մի՛ առնէք այս պարագան, որպէսզի դժուարութիւն չունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի գտնէք արհեստ մը, որ ձեզի յարմար է. ինչո՞ւ համար պիտի չհետեւիք այսպիսի յարմար աշխատանքի մը:

