Հարիւրամեակի Նախօրեակին Եւ Վաղորդայնին Բանակցային Նպատակներ Կա՞ն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Իրարանցում կայ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Կարծէք մեզմէ ամէն մէկը «ի՛ր» հարիւրամեակը կ’ուզէ «տօնել»: Գիրքեր, թարգմանութիւններ, նկարչական ցուցահանդէսներ` մեր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար, որպէսզի մարդիկ իմանան մեր կորուստները (մեզմէ իւրաքանչիւրը իր շնորհներով եւ սէրերով): Ի՞նչ պէտք է ընել, պիտի ընենք, որ մեր հայրենի բռնագրաւուած հողէն մէկ թիզին վերատիրանանք: Բանաստեղծին պէս կրնանք յուզել եւ յուզուիլ «ասմունքելով», որ Արարատը շուռ կը տանք այս կողմ... Նուազագոյն չափով հետաքրքրուելու ունակ կամ տրամադիր անձերուն իրապէս նոր ըսելիք ունի՞նք: Եւ քանի որ Ցեղասպանութեան յիշեցումը եթէ միջազգային հրապարակի վրայ քաղաքական առաջադրանքով մը չի ներկայանար, կ’ըլլայ ամէն տարի կրկնուող պղպջակային ծէս:

Նախապատրաստութիւններ` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով: Ոչ ոք կը խօսի հայրենահանման հարիւրամեակի մասին, սպանդէն ազատածներու աստիճանական անհետացման մասին: Աշխարհի բոլոր լեզուներով հրապարակ կու գանք «ճենոսայտ»-ով կամ «ժենոսիտ»-ով, իսկ բռնագրաւուած Հայաստանը, չես գիտեր, ո՛ր ենթաքաղաքական ճապկումներով չի յիշուիր:

Պահ մը եթէ խորհինք, որ միջազգային համայնքը եւ Թուրքիան վերջապէս ընդունին, որ Արեւմտահայաստանի հայ ժողովուրդը ենթարկուած է ցեղասպանութեան, ի՞նչ պիտի ըլլան քաղաքական-բանակցային նպատակները հայ ժողովուրդին: Սովորաբար կ’ըսենք` պահանջները: Միջազգային համայնքը եւ Թուրքիան այդ ճանաչում-հաստատումէն անդին պիտի ուզե՞ն երթալ, նախապատրաստուա՞ծ են, մենք նախապատրաստուա՞ծ ենք խօսքով եւ զանգուածային քաղաքական յանձնառութեամբ: Իրենց խօսա՞ծ ենք ազգի մը կէսը հայրենահանումով մշակութասպանութեան ենթարկելու վերաբերումներու մասին, էթնոսիտ, որ ընթացքի մէջ է, եթէ մեր ճկոյթին ետին մենք չթաքնուինք, եթէ միջազգային համայնքը չթաքնուի անհատներուն ընձեռուած ֆիզիքական ապահովութեան ճառի ետին: Մեր զանգուածները ընթացքի մէջ եղող մշակութասպանութեամբ անհետացումը կը զգա՞ն եւ կ’ըմբռնե՞ն որպէս այդպիսին եւ զօրաշարժի կ’ենթարկուի՞ն, կ’ենթարկե՞նք:

Հարիւրամեակը պիտի յաջողի՞, ճառերէ, հոգեհանգիստներէ, ամէն տարի կրկնուող կարգախօսներէ անդին անցնելով, երկու դարու անցեալ ունեցող «Հայկական հարց»-ը «Հայ դատ» դարձնելու, ինչպէս անշրջանցելի դարձած պաղեստինեան հարցը, ինչպէս անշրջանցելի դարձած էր Հարաւային Ափրիկէի խտրականութեան դէմ պայքարը, որ յաղթանակեց: Զանգուածային յանձնառութիւն չի ստեղծուիր ծէսով, այլ` կարելիութիւն ներշնչող հեռանկարով, որուն իրականացման մէջ մարդիկ տեսնեն ոչ միայն անցեալի տխրութիւնները, այլ նաեւ եւ մանաւանդ` իրենց եւ սերունդներու ապագան, որ յիշատակ եւ յուզում յառաջացնող Արեւմտահայաստան այցելութիւն չէ:

Աւելի պարզ. տպաւորիչ հրավառութիւն ըլլալէ քայլ մը անդին` հարիւրամեակը պիտի յառաջացնէ՞ զանգուածներուն մօտ հայրենահանման աղէտը սրբագրելու եւ վերադարձի յանձնառութիւն: Այլապէս պէտք է միշտ կրկնել, կը մնան գեղագիտական հաճոյքները, չես գիտեր` ո՛ր նպատակներու ծառայելու կոչուած ամբոխավարական աղմուկը: Բռնագրաւուած հայրենիքը ցնորքի աշխարհ չէ, ինչպէս որ հայերէնը չըլլալով բիզնեսի լեզու, ռոմանթիկ լեզու է, ինչպէս յայտարարուեցաւ «բանիմաց»-ի մը կողմէ, Հրեշտակներու քաղաքին մէջ:

Ե՛ւ հողը, ե՛ւ լեզուն ազգի կայացման եւ գոյատեւման էատարրերն են:

Հարիւրամեակը այս գիտակցութիւն-յանձնառութիւնը պիտի յառաջացնէ՞, թէ՞ պիտի գոհանայ զանգուածային համարուած «տողանցք-ցոյց»-երով, որոնց մասնակիցներու տոկոսը պէտք է հաշուել եւ բաղդատել այս կամ այն համայնքի համրանքին` փորձելով տեսնել բաժակին լեցուն եւ դատարկ մասը միաժամանակ, խուսափելու համար ինքնախաբէութենէ, որ երբեք լաւ տեղ չէ տարած:

Այլ խօսքով, ռութինէ հեռացած երազ-հաւատք-հեռանկար-յանձնառութիւն պիտի ստեղծուի՞, այծի կաթով սնանող Կանտի մը կամ իր բանտի վանդակէն ժողովուրդ առաջնորդ անբասիր, հզօր կամքով, անանձնական եւ հակաէսթեպլիշմընթ ղեկավարութիւն մը, ինչպէս` Մանտելլան, հանդէս պիտի գա՞յ, որպէսզի այլեւս չտնտեսուին մաշումները, տեղատուութիւնները, նահանջները կուշտերու, երգով կամ առանց երգի:

Ամպագորգոռ հարիւրամեակը պիտի սաւառնի՞, թէ՞ պիտի ըլլայ քիչ մը աւելի ջնարակուած եւ փայլուն պատճէնը նախորդ տարուան, տարիներուն եւ տժգոյն պատկերը գալիք տարիներուն:

Հինցած-մաշած կերպասով նոր հագուստ չի կարուիր: Քանի աճի համրանքը ծագումով հայերու, որոնք յիշատակ կ’որաճան, հողին տիրութիւն չ’ըլլար:

Ո՛չ յոռետեսութիւն, ո՛չ լաւատեսութիւն, այլ` ծովամոյն չըլլալու ցանկութիւն, որպէսզի մեր բռնագրաւուած հայրենիքին մէջ չըլլանք քար համբուրող թաց աչքերով զբօսաշրջիկ:

Մեր ճշմարտութիւնները տեսնելու քաջութեա՞մբ պիտի դիմաւորենք հարիւրամեակը, թէ՞ մաշեցնող ռութինը պիտի շարունակէ իր մաշեցման աւերը:

Սպասելով մեր պարկեշտ եւ անանձնական զօրավար տը Կոլը կամ նոյնպէս պանթէոն անգամ չտարուած անանձնական Արամը…

Դեռ կէս տարի կայ մեր առջեւ: Իմաստասէր Հանրի Պերկսոն կ’ըսէր, թէ ինչ որ յոյսը կը դարձնէ հզօր հաճոյք, այն, որ ապագան կը ներկայանայ կարելիի բոլոր ձեւերով…

Յոյսը պատրաստութիւն, յոգնութիւն եւ զոհողութիւն չի պահանջեր: Ո՞ւր կը հասցնէ…

19 նոյեմբեր 2014, Քուինզ, Նիւ Եորք

Share this Article
CATEGORIES