Վատիկանը Ի՞նչ Ըրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կանխարգիլելու Համար

Պենետիկտոս ԺԵ. պապ
«Զենիթ» լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է հարցազրոյց մը` գերմանացի յայտնի պատմաբան Միքայէլ Հեսմանի հետ, որ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Վատիկանի դիրքորոշման մասին: Հարցազրոյցը վարող լրագրողը հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ շատերը կը քննադատեն Պիոս ԺԲ. պապը այն պատճառով, որ ակնյայտ կոշտ դիրքորոշում չէ ունեցած Հրէական ողջակիզումը կանխարգիլելու համար: Պատմաբանը այդ հարցին պատասխանը գտնելու համար ուսումնասիրած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ պահուող Հայոց ցեղասպանութեան մասին շուրջ 2000 էջ փաստաթուղթ եւ` պարզած, որ Պիոս ԺԲ. նախքան Հռոմի եպիսկոպոսապետ ըլլալը, իբրեւ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեայ, ծանօթ եղած է 1915-ին Պենետիկտոս ԺԵ. պապի` հայերու ջարդերը դադրեցնելու մեծ ջանքերուն, որոնք, ապարդիւն եղած են եւ, նոյնիսկ, աւելի գրգռած են Մեհմեթ Ե. սուլթանի եւ Երիտասարդ թուրքերու ատելութիւնը հայերու նկատմամբ:
Պատմաբան Հեսման հասկցած է, որ վերոնշեալ եղելութիւնը Պիոս ԺԲ-ին ստիպած է աւելի զգուշ ըլլալ Ատոլֆ Հիթլերի հետ եւ ջանալ հրեաներուն աւելի օգտակար ըլլալ ծածուկ միջոցներով: Հեսման քանի մը կարեւոր փաստեր ի յայտ բերած է, ըստ որոնց, Վատիկան տեղեակ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան գրեթէ բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ այդ մասին յայտնած է միջազգային ընտանքին եւ` իր աղբիւրներու տեղեկութիւններուն հիման վրայ փաստած, որ թրքական կառավարութիւնը կ՛ուզէ ի սպառ ջնջել հայկական տարրը Թուրքիայէն: Վատիկան տեղեակ եղած է նաեւ հայ կաթողիկէներու Իգնատիոս Մալոյեան եպիսկոպոսի սպանութեան մասին:
1915-ին պապական նուիրակ Տոլչէն յորդորած է սուլթանի մեծ վեզիրին` դադրեցնել հայերու սպանութիւնները: Նոյն նուիրակը 1915-ին մեծ արգելքներ յաղթահարելով` Մեհմեթ Ե.-ին փոխանցած է Պենետիկտոս ԺԵ. պապին նամակը, որով Հռոմի եպիսկոպոսապետը սուլթանէն կը խնդրէր` գթասիրտ ըլլալ անմեղ հայերու նկատմամբ: Աւելի՛ն. պապական նուիրակները աշխատած են նաեւ Թուրքիոյ դաշնակիցներուն հետ` խնդրելով անոնց միջնորդել հայերու ջարդերը դադրեցնելու համար: Այս բոլորը ի զուր անցած են եւ աւելի սրած են հայերու վիճակը Թուրքիոյ մէջ:
Ըստ պատմաբան Հեսմանի, 1915-16 Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակող հայ կաթողիկէներուն շուրջ 87 առ հարիւրը սպաննուած է, որ տոկոսային յարաբերութեամբ նոյնիսկ աւելի շատ է, քան սպաննուած հայ առաքելականներուն համեմատութիւնը` շուրջ 75 առ հարիւր: Պենետիկտոս ԺԵ. անգամ մը ըսած է. «Դժբախտ հայերը գրեթէ ամբողջութեամբ ուղարկուեցան ոչնչացման»: Իսկ նուիրակ Տոլչէն պաշտպանելով հայերը` ըսած է պապին, թէ ինք կորսնցուցած է Թալէաթ փաշան, կամ իր բառերով, այդ մասոնական Մեծ վարպետին բարեհաճ վերաբերմունքը իր նկատմամբ:
Պատմաբան Հեսման խօսելով մերօրեայ իրադարձութեանց մասին` փաստած է, որ երբ յունիս 2013-ին Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է», Անգարան Վատիկանէն տուն կանչեց իր դեսպանը, եւ այժմ վերլուծաբանները կը հետաքրքրէ, թէ թրքական իշխանութիւնը ինչպէ՞ս նոյեմբեր 2014-ի վերջաւորութեան պիտի հիւրընկալէ պապը: Պատմաբանը իր հարցազրոյցին մէջ կը փաստէ, որ բոլոր չէզոք պատմաբանները քաջ գիտեն Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր զարհուրելի մանրամասնութիւնները:
2015-ին Վատիկան կը նախատեսէ հրատարակել գիրք մը, որուն մէջ հրապարակուած պիտի ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական եզակի տեղեկութիւններ:

