ՀԵՐՈՍՆԵՐ ԵՒ ՀԵՐՈՍ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ

1983 թուականին ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Բագրատունի այդ օրերէն իր յուշերը եւ մտորումները կը պատմէ այս գրութեամբ, որ 2008-ին լոյս տեսած է ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պարբերաթերթի կողմէ պատրաստուած Լիզպոնի 25-ամեակի յատուկ թիւին մէջ:

«Ա.»

Բնականաբար տարիքային տարբերութիւն մը կար տղոց եւ իմ միջեւ: Այդ թուականին ես ստանձնած էի ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետութեան պաշտօնը եւ իբրեւ այդպիսին ծանօթ էի ընդհանրապէս ԼԵՄ-ականներուն: Լիզպոնի տղաքը, ԼԵՄ-ականներու կարգին, աչքի կ՛իյնային իրենց լրջութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, քաջութեամբ, հեզութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, համեստութեամբ եւ լռութեամբ: Այս առաքինութիւններով օժտուած տղաք ըլլալով, բնականաբար իրենց հանդէպ յաւելեալ մօտիկութիւն մը ստեղծուած էր, ոչ միայն իմ, այլ նաեւ` Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներուն մօտ եւս: Չմոռնանք նաեւ, որ ժամանակները խաղաղ չէին, Լիբանանի պատերազմի օրերն էին, եւ մենք առօրեայ կապի մէջ էինք ԼԵՄ-ականներու, պահակ տղոց եւ մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնը ստանձնած երիտասարդներուն հետ:

Յուլիս 27-ի նախորդող օրերուն, մենք կը պատրաստուէինք միջերիտասարդական առաջին բանակումին, որ տեղի պիտի ունենար Յունաստանի մէջ: Մեծ էր եւ աննախընթաց հետաքրքրութիւնը: Առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի զանազան կողմերէն հարիւրաւոր դաշնակցական երիտասարդներ ի մի պիտի խմբուէին` դաշնակցական համապարփակ մթնոլորտի մը մէջ: Մեծ էր թիւը այն տղոց, որոնք կը փափաքէին Լիբանանէն մասնակցիլ այս բանակումին: Մեր կարգին, պարտաւոր էինք հետեւիլ աշխատանքին, հանդիպիլ տղոց հետ, խօսիլ անոնց կարելիութիւններուն մասին, աշխատատեղիէն արտօնութիւն առնելու ձեւերուն մասին, անցագիրի ապահովման եւ օդանաւի փոխադրատոմսերուն մասին: Մէկ խօսքով, կենդանի կապի մէջ էինք մեր երիտասարդութեան հետ` ապահովելու լաւագոյն մասնակցութիւն:

Ինծի վստահուած էր ի միջի այլ գործերու, հանդիպիլ ԼԵՄ-ականներու հետ ու կատարել անհրաժեշտ դասաւորումները:

Դէպքէն օրեր առաջ, առանձնաբար հանդիպեցայ նաեւ Լիզպոնի երիտասարդներուն: Ինծի համար շատ տարօրինակ էր, որ իւրաքանչիւրը անհամոզիչ պատասխաններ կու տար` արդարացնելու համար, որ ինք ի վիճակի չէ նման բանակումի մը մասնակցելու: Չէի կրնար համոզուիլ, որ այս տիպար ԼԵՄ-ականները նման կարեւոր բանակումէ մը կրնան բացակայիլ: Միամտութեամբ մը հասկնալ ձեւացուցի, եւ իրենց մերժումը վերագրեցի մասամբ նիւթական, մասամբ ալ գործի դժուարութեանց եւ վերջապէս կացութեան պատճառով ակումբներուն առնչուած այլ պարտականութիւններու ստանձնման:

Ու մինչ կը պատրաստուէինք վերջին դասաւորումները կատարելու, ճամբորդական փաստաթուղթերն ու տոմսերը ձեռքերուս մէջ, ցանկերուն հետ բաղդատական կը կատարէի, յանկարծ հասաւ Լիզպոնի դեսպանատան գրաւման լուրը: Լռութիւն, սպասում, ու միտքս թռիչք առաւ առաջին հերթին Վաչէ Տաղլեանին, ապա Սիմոն Եահնէեանին ու Արային ուղղութեամբ:

Տարօրինակ ձեւով զիրենք յիշեցի, ոչինչ գիտնալով, ո՛չ մէկ տեղեկութիւն ունենալով տակաւին. ինչո՞ւ, չեմ գիտեր… Ես ինծի չարտօնեցի մտածումս շարունակել: Ամբողջութեամբ հեռացուցի ինքզինքս նման «փորձութենէն», բայց արդեօ՞ք…

Վայրկեանները թաւալեցան, անձնասպանութեան լուրը հասաւ: Տագնապը կրկնուեցաւ: Չարագուշակ լուրը հասաւ: Դեսպանատունը օդը հանուած է:

Մէկ ժամ ետք, ԼԵՄ-ի կեդրոն կը մտնէ նահատակ տղոցմէ մէկուն քոյրը: Կարճ բարեւէ մը ետք, կը խնդրէ, որ իրեն վերադարձնեմ իր եղբօր անցագիրը, որովհետեւ ինք բանակումի գացած ըլլալով` չի կրնար գալ:

Անցագիրը իմ մօտս չէ:

Կծիկը կը քակուի: Չկրցայ ճշմարտութիւնը ըսել: Պատասխանեցի, որ տակաւին անցագիրը դեսպանատունէն չէ հասած ինծի: Սուտ էի: Ընկերուհին կը յարգէր զիս, իր աչքերը սակայն կ՛ըսէին, թէ ինքն ալ չէր հաւատար:

Անոնք յունական վիզայի դիմում չէին ըրած: Իւրաքանչիւրը պատրուակով մը մեկնած էր այլ նպատակի համար:

Ընտանիքնե՛րը:

Հերոսներու հերոս ընտանիքները:

Տեղեակ էին, կը զգային, տեղեակ պահելու պէտք չունէին, որ իրենց զաւակները նահատակուած են:

Նահատակի ծնողք ըլլալը կեանք ու զգացում է, ապրում է ու յարատեւութիւն:

Իրենք կեանք կու տային մեզի: Իրենք կ՛արգիլէին, որ մենք արտասուենք:

Դէպքէն անմիջապէս ետք տեղական ու միջազգային լրատուական միջոցները իրենց հետաքրքրութեան առարկան դարձուցին Լիզպոնի տղոց ընտանիքները: Այդ օրերուն, անձնասպանական գործողութիւն հասկացողութիւնը ընդհանրացած չէր, իսկ հայութեան պարագային, իւրայատուկ էր եւ առաջինը իր տեսակին մէջ:

Լիբանանեան մամուլը, Լիբանանի մէջ գործող օտար լրատուական գործակալութեանց թղթակիցները, ֆրանսական, աւստրիական, իտալական, շուէտական, մինչեւ իսկ ճափոնական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու լրագրողները կը հասնէին Պէյրութ, կ՛այցելէին ընտանիքներուն, հարցազրոյցներ կ՛ունենային ծնողներուն, ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն, թաղեցիներուն հետ: Խրթին հարցումներ, ահաբեկչական կազմակերպութեանց հետ գործակցութեան փնտռտուքներ, նահատակներուն անձնական նկարագրային գիծերուն շուրջ հետաքրքրութիւն, արեւմուտքի յատուկ դէպքը արժեզրկելու ձգտող «ականուած» հարցումներ: Ու ի զարմանս բոլորին, նահատակներուն հերոս ընտանիքներուն միահամուռ պատասխանը եղաւ` «Երկրորդ զաւակս ալ պատրաստ եմ ղրկելու»:

Ֆրանսացի լրագրող մը` իր «գործը» աւարտած նկատելով, դիպուկ կերպով ըսաւ. «Նման ծնողներ ունեցող ժողովուրդ մը անպայման կը տիրանայ իր իրաւունքներուն»:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Share this Article
CATEGORIES