ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ` ՆԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐ ՀԱՅՐԸ ՍՊԱՆՆՈՂՆԵՐԸ
1994 թուականին Ռուանտայի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութենէն ետք, ներումը եղաւ հիմնական հարցը` բազմաթիւ ամբաստանեալներու հետ ատեաններու գործունէութեան:
Պատանի մը, որ ցեղասպանութեան ատեն ծնած է, ապա` ապաստան գտած Բրիտանիոյ մէջ, կրնա՞յ ներել իր հայրը սպաննողները:
«Ես իրականութեան մէջ հոս պէտք չէ ըլլայի, ես հոս եմ մօրս ինծի համար ըրածին պատճառով», կ՛ըսէ 16-ամեայ Ռոճըր Նըսենկիյումվա:
Ռոճըր կը բնակի Նորուիչի մէջ, Անգլիա, իր մօր` Իլլումինէի հետ, եւ կը սիրէ ֆութպոլ խաղալ: Ան խոստմնալից երգիչ մըն է եւ դեր ստանձնած է «Միացեալ Ափրիկէ» շարժապատկերին մէջ:
Բայց իր կեանքը կրնար բոլորովին տարբեր ըլլալ:
Ռոճըր Ռուանտա ծնած է, ցեղասպանութիւնը սկսելէն միայն ամիս մը ետք, եւ մազապուրծ փրկուած է, որովհետեւ իր մայրը զինք ամիսներ պահած է հութու ցեղախումբի մահուան խմբակներէն, որոնք սպաննած են իր հայրը:
Ապրիլ եւ յունիս ամիսներուն միջեւ, 1994 թուականին, շուրջ ութ հարիւր հազար ռուանտացիներ սպաննուեցան 100 օրուան մէջ: Զոհերուն մեծամասնութիւնը թութսի ցեղէն էին, իսկ վայրագութիւններու հեղինակներուն մեծ մասը` հութու:
Ռոճըրին հայրը` Ճոն, թութսի մը, սպաննուեցաւ հութու ընկերոջ մը կողմէ, որ ներկայ եղած էր անոր պսակի արարողութեան: Ընտանիքի 50 անդամներ եւս սպաննուեցան:
Ցեղասպանութենէն ետք Իլլումինէ եւ Ռոճըր փախան Անգլիա: Իլլումինէ ապա ներեց Ճոնը սպաննողները:
«Զիս ներքնապէս կը ցաւցնէր. ուրեմն ես մտածեցի, որ ատկէ ձերբազատուելու ձեւը ատիկա դուրս հանելն է», կ՛ըսէ ան: «Ասիկա իմ բուժումս էր, բայց ես ատոր հետ յաւիտեան պիտի ապրիմ»:
Ցեղասպանութեան նշումի եօթնօրեայ ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Ռոճըր Ռուանտա վերադարձաւ տեսնելու համար, թէ կրնա՞յ հետեւիլ ներումի մօրը ուղիին:
Առաջին օրը ան ներկայ գտնուեցաւ Քիկալիի ազգային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած յիշատակի ձեռնարկին:
Ունկնդրեց կին մը, որ կ՛ըսէր. «Ժամանակը բոլոր վէրքերը կը բուժէ, բայց բնաւ պիտի չգայ օր մը, երբ ես չկարօտնամ ձեր ժպտացող դէմքերը»:
Բայց ապա բազմութեան մէջէն երկար ճիչ մը լսուեցաւ, ապա ուրիշ մը:
Իրեն ըսին, որ անոնք կ՛ողբան: Ինք տեսաւ ողբացող կին մը, զոր մարզադաշտէն դուրս կը հանէին:
Ատիկա յիշեցում մըն էր խոր վիշտին, որ հազարաւորներ տակաւին կը զգան:
ՌՈՒԱՆՏԱՅԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
– Բռնկեցաւ, երբ սպաննուեցաւ հութու նախագահ Ճուվենալ Հապիյարիմանայ: Անոր օդանաւը վար առնուեցաւ 6 ապրիլ 1994-ին:
– Քանի մը ժամ ետք հութու զինեալներ տարածուեցան ամբողջ երկրին մէջ` համակարգուած ձեւով սպաննելով թութսիներ:
– Չափաւորական հութուներ, որոնք մերժեցին մասնակցիլ ջարդին, նոյնպէս սպաննուեցան:
– Ֆրանսացի դատաւոր մը մեղադրեց այժմու նախագահ Փոլ Քակամէն (այդ օրերուն թութսի ըմբոստ խումբի մը ղեկավարը), օդանաւին վրայ կրակելու յանցանքին համար, բայց Քակամէ կտրականապէս կը հերքէ ասիկա:
– Սպանութիւնները դադրեցան, երբ Քակամէի ըմբոստները 1994 թուականին յունիսին իշխանութեան տիրացան:
– 120 հազար անձեր աւելի ուշ ձերբակալուեցան:
– Ռուանտայի համար կազմուած Միջազգային ոճրադատ ատեանը, ցարդ միայն 59 դատավարութիւն ամբողջացուցած է:
– Աւելի քան 1,5 միլիոն անձեր դատական հետապնդումի ենթարկուած են տեղական Կաքաքա ատեաններուն մէջ եւ 40 հազար հոգի արգելափակուած է:
Ռոճըրին հայրը յիշատակարան մը ունի Նորուիչի մէջ, բայց ոչ ոք գիտէ, թէ ան իսկապէս ո՛ւր թաղուած է: Կ՛ենթադրուի, թէ անոր աճիւնները կը գտնուին Ռուանտայի ամէնէն մեծ հաւաքական գերեզմանին մէջ, 250 հազար այլ անձերու հետ:
Ռոճըր վերադարձաւ տեսնելու համար իր հօրը նկարը, զոր ինք 7 տարի առաջ զետեղած էր հոն: Այն ատեն ան ըսաւ, որ կրնայ ներել հօրը ոճրագործները, բայց հարցերը փոխուած են:
«Ես այժմ շատ աւելի կը հասկնամ,- ըսաւ Ռոճըր:- Այն ատեն քիչ մը աւելի անմեղ էի. այժմ զայրոյթ մըն է, որուն հիման վրայ կ՛ուզեմ գործել:
«Ինչ որ ես կ՛ընեմ, բաւական շատ թիւով ռուանտացիներու համար յուսախաբութիւն է, որովհետեւ իմ այսպէս ըսելս վնասակար է այժմ Ռուանտայի համար: Ես կ՛ատեմ վրէժ բառը գործածելը, բայց այժմ ես այդպէս կը զգամ»:
Բայց Ռոճըր շատ լաւ բարեկամ մը հութու պատանիի մը` Իվ Տիսենճի հետ, որ Ռուանտա կը բնակի եւ ան ալ «Միացեալ Ափրիկէ» շարժապատկերի դերասաններէն էր:
«Ես զայրոյթ չունիմ ինծի սերնդակից հութուներու դէմ, որովհետեւ մենք նորածին էինք, երբ ատիկա պատահեցաւ», կ՛ըսէ Ռոճըր:
Լարուածութիւնն ու մրցակցութիւնը միշտ առկայ եղած են մէկ կողմէ հութուներու, որոնք բնակչութեան 85 առ հարիւրն են, եւ փոքրամասնութիւն եղող թութսիներու միջեւ, որոնք կը կազմեն աւանդական ընտրանին:
Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն հութուներն եւ թութսիները քաջալերուած են որպէսզի կողքի-կողքի ապրին, ինչպէս որ կ՛ընեն դրացիներ Ֆրետերիք եւ Ժաքլին:
Ժաքլին 16 տարեկան էր, երբ զինեալ խմբակը նիզակներով եւ սուրերով իր ընտանիքին բոլոր 12 անդամները սպաննեց, մինչ Ֆրետերիք 9 տարի բանտարկուեցաւ մէկ օրուան մէջ 7 թութսիներ սպաննած մահուան խմբակին մաս կազմելուն համար:
«Մեր յարաբերութիւն լաւ է,- կ՛ըսէ Ֆրետերիք:- Մեր երեխաները իրարու հետ երջանիկ կ՛ապրին: Եթէ Ժաքլին երկար ուղեւորութիւն մը ունի, իր երեխաները կրնայ մեր մօտ ձգել, եւ մենք մեր տան մէջ կը խնամենք զանոնք»:
Երբ Ֆրետերիք կը հարցնէ, թէ արդեօք Ռոճըր կրնայ՞ ներել զինք, երիտասարդը կը դժուարանայ բառեր գտնելու: Երկար լռութենէ մը ետք Ռոճըր կ՛ըսէ, թէ «ընդհանրապէս» կրնայ:
«Որովհետեւ դուն շատ ազնիւ ես եւ մեծ գործ կ՛ընես: Բայց հօրս մահուան համար ներում հայցելու առումով, ես չես կրնար, որովհետեւ ատիկա քու մեղքդ չէր»:
Բայց Ռոճըր նոյնը չի կրար ըսել իր հօրը ոճրագործներուն համար:
«Կ՛ատեմ ասիկա ըսելը, սակայն կ՛ուզեմ զանոնք տեսնել դիապարկերու մէջ: Եթէ քեզի ըսուած է, որ փողոցին մէջ պիտի սպաննես թութսիներ, պարզապէս որովհետեւ թութսի են, ատիկա զզուելի է:
«Բայց եթէ կը ճանչնաս այդ անձը, եւ դուք բարեկամներ էք անոր կնոջ հետ, որ մօտ օրէն երեխայ պիտի ունենայ, ես ատիկա չեմ հասկնար:
Ուրեմն չեմ կրնար ներել ատիկա»:
Հակառակ Ռուանտայի մէջ հաշտեցման փորձին` 32 դպրոցներու մասին տեղեկագիր մը բացայայտեց, որ ցեղային ատելութիւնը տակաւին գերակշիռ է:
Ռոճըր կ՛անդրադառնայ, որ ներողամտութեան ուղին ուղղակի չէ:
«Ատիկա շատ բարդ է: Բաւական անբնական պիտի ըլլայ ասոնք բոլորը 10 տարիներ եւս տեսնելը: Նաեւ` տեսնելը այժմու Ռոճըրին եւ ապագայի Ռոճըրին տարբերութիւնը:
«Ես տակաւին 16 տարեկան եմ, ուրեմն, յուսամ, որ այդ զայրոյթը ձեւով մը կը մեղմանայ»: