Լուրեր` Ճատրակի Աշխարհէն

1202_Chess---NewsՔաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող Ճատրակի մրցաշարքին, որուն կը մասնակցին հայ կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան վեցերորդ հանգրուանի աւարտէն ետք, կրցած են հաւաքել 4 կէտ սակայն Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Էլինա Դանիէլեան հաւաքած են 3,5 կէտ: Իսկ Հրանդ Մելքումեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան 3 կէտ, եւ վերջապէս Գաբրիէլ Սարգսեան` 2,5 կէտ:

Նշենք, որ 6 կէտով, Տոհայի այս մրցաշարքին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ հոլանտացի կրանտմասթըր Անիշ Գիրին:

Միւս կողմէ, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի մրցաշարքին, հայազգի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան 4 հանգրուան խաղալէ ետք կրցած է հաւաքել 2 կէտ, սակայն 3 կէտով պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ հունգարացի Փալոք Չափան:

Share this Article
CATEGORIES