Տաշեան Եւ Համբարձումեան Մակեդոնիոյ Ախոյեանութեան Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ
Մակեդոնական Sportmedia.mk մարզական կայքը կազմեց Մակեդոնիոյ ներքին ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականը: Այս կազմին մէջ ներկայ են ՖՔ Վարտար ակումբի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Յովհաննէս Համբարձումեան եւ Արտակ Տաշեան:
Յիշեցնենք, որ այս երկու մարզիկները նոր միացան Վարտարի եւ արդէն իսկ փայլուն արդիւնքներ կու տան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հայ մարզիկներուն նկարագրութիւնը` Sportmedia.mk-ի կողմէ.
Յովհաննէս Համբարձումեան
Գործելով աջ պաշտպանի դիրքին վրայ` Համբարձումեան շատ լաւ խաղ խաղացած է ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին ընթացքին: Բացի անկէ, որ հրաշալի խաղ կը կատարէ պաշտպանի դիրքին վրայ, ան նաեւ օգտակար կը հանդիսանայ յարձակումներու ընթացքին:
Խաղերուն ընթացքին ան երկու կոլի հեղինակ դարձած է եւ բազմաթիւ կոլերու փոխանցումներ կատարած:
Արտակ Տաշեան
Հաւանաբար ոչ միայն Վարտարի, այլեւ Մակեդոնիոյ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկը:
Հայ մարզիկը գրեթէ մշտապէս կը մասնակցի իր խումբի յարձակումներուն եւ շատ անգամներ վտանգաւոր հարուածներ կ՛ուղղէ բերդին եւ զանոնք կը վերածէ կոլերու: 25-ամեայ միջնապահը մեծ աշխատանք կը կատարէ եւ կը կազմակերպէ իր խումբին խաղը: Ան 14 խաղի ընթացքին նշանակած է 4 կոլ:
Աւելցնենք, որ Վարտար խումբին մաս կը կազմէ նաեւ ուրիշ հայ մարզիկ մը` Արթուր Միրանեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու խաղացող է, սակայն Վարտարի հետ քիչ խաղաժամանակ կը ստանայ:

