Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աշխատանքի մէջ դժուարութիւն պիտի ունենաք յաղթահարելու կարգ մը  հարցեր: Հետեւեցէք օրուան փոփոխութիւններուն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մտահոգութիւն չունիք, բարեբախտութիւնը ձեզի հետ է: Ձեզի միացուցէք ձեր ընկերները` միասնաբար զուարճանալու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր առողջութեան համար լաւ որոշումներ պիտի տաք: Ականջ տուէք ձեր ֆիզիքական պահանջներուն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տօնական օր մը պիտի ապրիք նախքան տարեվերջ: Մեծ խանդավառութիւն մը կը նախատեսուի այս պարագային:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը փափաքիք փոփոխութիւններ ունենալ, բայց համբերող եղէք: Մի՛ յուսալքուիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լաւատես եղէք: Ձեր երկինքին մէջ յուսալքիչ ոչինչ կայ: Օրը ուրախ պիտի անցնի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրը յարմար չէ բանակցութիւններու համար: Հարցը յետաձգեցէք ուրիշ օրուան մը, որպէսզի յաջողիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գործնական եղէք ձեր աշխատանքին մէջ: Չէք կրնար դուք ձեզի արտօնել բացթողում մը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքի եւ բարեկամներու հետ ուշադրութեամբ վարուեցէք` յարգելով զիրար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզանքի մէջ ընկերներ գտէք, որպէսզի թեթեւ անցնին խմբային ձեր մարզախաղերը: Պիտի օգտուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դժուար է անցեալի հարցերուն վրայէն գիծ մը քաշել: Ասիկա լաւ ձեւ մը չէ կեանքի մէջ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր մօտիկ շրջապատին հետ ձեր յարաբերութիւնը դիւրին պիտի ըլլայ, մանաւանդ` ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )