50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական
Խաղաղութեան Ուխտաւորը
Հարիւր յիսուն տարի ամբողջ, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետերը իտալական թերակղզիէն դուրս չէին ելած: Աշխարհի չորս ծագերուն վրայ ապրող քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն հետ անոնց շփումը տեղի կ՛ունենար կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու միջոցով, որոնք տարին քանի մը անգամ Վատիկան կ՛երթային` զեկուցում տալու համար իրենց հովուած հօտին մասին:
Պօղոս Զ. պապը խախտեց այս դարաւոր սովորութիւնը ու մէկ տարուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, իր Աթոռը ձգելով, մեկնեցաւ հեռաւոր ափեր` իբրեւ խաղաղութեան ուխտաւոր, իբրեւ քրիստոնէական հաւատքի պատգամաբեր:
Ներկայ տարուան յունուարի առաջին օրերուն այցելեց Երուսաղէմ` Ս. Վայրեր, հետեւելով քայլերուն Անոր, որուն աշխարհի վրայ փոխանորդը ըլլալու հանգամանքը տրուած է իրեն բոլոր կաթողիկէներուն կողմէ:
Այս աւագ այցելութենէն տասնմէկ ամիս ետք պապը դարձեալ առաւ ուխտաւորի ցուպը` այս անգամ երթալու համար քաղաքակրթութեան օրրան երկիր մը` Հնդկաստան, ուր կաթողիկէներուն թիւը հազիւ 9 միլիոնի կը հասնի` 450 միլիոն ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ծովուն մէջ: Բայց պապը Հնդկաստան կ՛երթար ոչ թէ իբրեւ քրիստոնէական դաւանանքի մը պետը, այլ` իբրեւ Աստուծոյ հաւատացող մարդոց հոգեւոր հայրերէն մէկը, որ կ՛ապրի ներկայ դարաշրջանի բոլոր մտահոգութիւնները, առաւել` սաստկութեամբը այն պատասխանատուութեան, որ կը ծանրանայ իր ուսերուն:
Յատկանշական է այն երեւոյթը, որ տարուան սկիզբը պապը հիւրը եղաւ իսլամ վեհապետի մը, իսկ հիմա, Հնդկաստանի մէջ, զինք կը հիւրընկալէ հնդիկ մը` յանձին վարչապետ Լալ Պահատուր Շասթրիի: Այս կը նշանակէ, որ հակառակ բոլոր տխուր երեւոյթներուն, որոնք կը յատկանշեն մեր դարը, մարդկութիւնը գտած է ընդհանրականին ըմբռնումը եւ առիթ ստեղծուած է, որպէսզի հոգիներու հաղորդումը կատարուի` անկախ կրօնական տարբերութիւններէն, բարոյական եւ հոգեկան արժէքներու լրիւ գիտակցութեամբ:
Պապը այս անգամ անցաւ Լիբանանէն, Լիբանանի ժողովուրդը, բոլոր համայնքները անխտիր, խանդավառ ու ջերմ ընդունելութիւն մը ըրին քահանայապետին, որուն` Լիբանանի մասին արտայայտած զգացումները անկասկած որ կը շոյեն բոլոր լիբանանցիներուն ազգային հպարտութիւնը:
Իրաւ ճանաչումովը Լիբանանի կոչումին եւ առաքելութեան` պապը ըսաւ. «Լիբանան, իր պատմութեամբ, մշակոյթով, իր բնակիչներու խաղաղասիրական նկարագրով, ընդհանուր յարգանքի ու բարեկամութեան արժանացած է: Ջերմ համակրանքով կ՛ողջունենք իր զաւակները` քրիստոնեայ եւ ոչ քրիստոնեայ»:
Անշուշտ պետական ուրիշ դէմքեր եւս առիթ ունեցած են նոյնիմաստ արտայայտութիւններ ունենալու այս փոքր երկրին մասին, որ գիտէ այնքան բարձր բռնել բարոյական արժէքներու եւ արդար դատերու դրօշը: Բայց այս վկայութիւնը, երբ կու գայ 500 միլիոն կաթոլիկներու պետէն, այլ նաեւ` հոգեկան արժէքներու աւանդապահ եկեղեցւոյ իշխանէ մը, կը ստանայ իր գերագոյն նշանակութիւնն ու արժէքը:
***
Քսաներորդ դարու մարդկութիւնը ճանչցաւ երկու ահաւոր պատերազմներ: Առաջին եւ երկրորդ աշխարհամարտերը միլիոնաւոր զոհեր խլեցին ժողովուրդներէն: Նոյն Աստուծոյն հաւատացող մարդիկ իրարու դէմ նետուեցան` հուրի մատնելով ամբողջ աշխարհը: Երրորդ աշխարհամարտի մը սարսափը դամոկլեան սուրի նման կախուած է մարդկութեան վերեւ: Այս պայմաններուն մէջ միակ փրկութիւնը այն հոգեփոխութիւնն է, որ սկսած է մտնել մարդոց հոգիներուն մէջ` այլամերժութեան վտանգաւոր հիւանդութեան դարմանումով:
Պօղոս Զ. պապը այդ հոգեփոխութեան հաւատացողն է: Ու երբ ուխտաւորի պատմուճանը հագած` հեռաւոր երկիրներ կ՛երթայ, հաւատքի այդ արտայայտութիւնն է, որ կ՛ունենայ` իր խօսքին ու շունչին տալով քրիստոնէութեան դաւանած բարձր սկզբունքներուն կշիռը: