Թուրքիան Թոյլ Պիտի Չտայ Կիպրոսին Մենաշնորհ Ունենալ Բնական Կազի Հարցին Մէջ

1126_Cyprus-gasԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոս եւ Թուրքիա փոխանակած են յայտարարութիւններ, որոնք լարուածութեան մեղմացման յոյս չեն ներշնչեր: Երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը յառաջացած է կղզիի ափերուն քարիւղակազային հանքավայրերու փնտռտուքներու եւ արդիւնահանման իրաւունքի շուրջ վէճին պատճառով:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Անգարա «երբեք կիպրացի յոյներուն թոյլ պիտի չտայ մենաշնորհ ունենալ բնական կազի հարցին մէջ»:

«Միջերկրական ծովը նաեւ մեր ծովն է, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ այստեղէն վտարել», յայտարարած է Տաւութօղլու:

Share this Article
CATEGORIES