Ուաշինկթըն. «Թուրքիան Դէպի Սուրիա Վարձկաններու Ներթափանցման Հիմնական Ուղին Է»

Ռոպըրթ Պրատթքէ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Ռոպըրթ Պրատթքէ յայտնած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ դէպի Սուրիա արտասահմանցի վարձկաններու ներթափանցման հիմնական ուղին:
Ան ատոր համար քանի մը պատճառ նշած է. Թուրքիան ունի Սուրիոյ հետ ամէնէն երկար սահմանը` 900 քիլոմեթր, Թուրքիոյ մէջ մէկ միլիոն սուրիացի տեղահանուած կայ, իսկ ճիշդ անոնց ճամբարներուն մէջ կրնան հաւաքագրուիլ զինեալներ, ինչպէս նաեւ` տարեկան 37 միլիոն մարդ կու գայ Թուրքիա:
Պրատթքէ նաեւ նշած է, որ թրքական իշխանութիւնները զինեալներէն անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական քարիւղ չեն գներ, սակայն կան մաքսանենգութեան դէպքեր:
Ամերիկացի պաշտօնատարը չէ ծածկած այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան առաջուան նման շահագրգռուած են Սուրիոյ ճգնաժամը լուծուած տեսնելով` առանց նախագահ Պաշշար Ասատի:

