Ազրպէյճանի Մէջ Մզկիթ Մը Հրկիզած Են

1126_Mosque«Haqqin.az» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Գարաչուխուր գիւղին մէջ անցեալ երեքշաբթի կէս գիշերէն ետք շուրջ ժամը 2:00-ին անյայտ անձեր մզկիթ մը հրկիզած են:

Մզկիթի ներկայացուցիչ Միրմահմուտ Ֆաթայեւ յայտնած է, որ մզկիթին հասցուած է 6-7000 մանաթի չափով վնաս:

«Երկու մարդիկ յարձակած են մեր պահակին վրայ եւ խոշտանգած, այնուհետեւ անոնք ներխուժած են մզկիթ եւ հրդեհած զայն: Հրկիզուած են բոլոր գորգերը, կոտրուած են բոլոր պատուհանները: Ինծի յայտնի չէ, թէ ո՛վ կատարած է այդ արարքը: Յանցագործներուն փախուստէն ետք պահակը տեղւոյն բնակիչներուն հետ սկսած է մարել կրակը», պատմած է Ֆաթայեւ:

Ոստիկանութիւնը հասած է դէպքին վայրը եւ կը հետաքննէ հրդեհման փաստը:

Share this Article
CATEGORIES