Հարաւային Քորէա Քարիւղի Դիմաց 500 Միլիոն Տոլար Փոխանցած Է Իրանին` Հակառակ Պատժամիջոցներուն

1126_Iran«Քորրեսփոնտընթ»` յղում կատարելով հարաւային քորէական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէա Իրանի փոխանցած է 500 միլիոն տոլար` իրանեան քարիւղի մատակարարումներուն վճարման համար:

Ատիկա կարելի դարձած է Վիեննայի մէջ Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ հիւլէական ծրագիրի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն շնորհիւ:

Ըստ այդ համաձայնութիւններուն, բանակցութիւնները յետաձգուած են 7 ամիսով, եւ Իրանը ստացած է ամսական 700 միլիոն տոլարի հասանելիութիւն իր` նախապէս պատժամիջոցներու կապակցութեամբ սառեցուած հաշիւներէն:

Ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Քորէան քարիւղի դիմաց 2014-ին Իրանին վճարած է 1,05 միլիառ տոլար:

Share this Article
CATEGORIES