Ուաէլ Ապու Ֆաուր Պէյրութի Սպանդանոցի Հարցը Փոխանցեց Դատական Իշխանութիւններուն

Ապու Ֆաուր` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ապու Ֆաուր` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ երեկոյեան տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դարձեալ անդրադարձաւ սննդեղէնի առողջապահական չափանիշներու թղթածրարին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի սպանդանոցին պատճառած լուրջ մտահոգութեան:

Սննդեղէնի փտածութեան դէմ իր սանձազերծած արշաւին շրջագիծին մէջ,  Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ մեծ թիւով հաստատութիւններ ընդառաջած են այս արշաւին եւ սկսած են սրբագրել ու բարելաւել սննդեղէնի իրենց արտադրութիւնները:

«Այդ հաստատութիւններուն շարքին են Տորայի «Մաք Տոնալտզ»-ը, Խալտէի «Հաուա չիքըն»-ը, Պաթրունի «Խուրի» վաճառատունը, Ժնահի «Սփինիզ»-ը եւ Ժալ էլ Տիպի «Քապապժի»-ն», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ «Թանմիա» վաճառանիշի պարագային միայն մորթատելն է, որ հարց ունի եւ ոչ թէ հաւը, իսկ «Սանթըր Թաանայել»-ի փակուած գործարանը ոչ մէկ կապ ունի «Մազարեհ Թաանայել» գործարանին հետ` աւելցնելով, որ «Մազարեհ Թաանայել»-ի արտադրութիւնները ցարդ քննութեան կ՛ենթարկուին:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենց կատարած ստուգումներուն լոյսին տակ բացայայտած են առողջապահական սննդեղէնի չափանիշները ամբողջացնող 254 պարագաներ, իսկ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող պարագաներուն թիւը միայն 29 դուրս եկած է: «Այս իրականութիւնը կը նկատուի արշաւին առաջին նուաճումը», ըսաւ ան:

Ակնարկելով Պէյրութի սպանդանոցին մէջ կատարուած ապօրինութիւններուն` ինչպէս նաեւ սխալ կերպով անասունները մորթելու պարագաներուն, Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ սատկած կով մորթելու պարագան ստոյգ է եւ սատկած անասուն մորթած է Ապտել Ռազզաք Իպրահիմ:

Առողջապահութեան նախարարը շեշտեց, որ Պէյրութի սպանդանոցին հարցը մեծ է, հոն կան քրէական յանցանքներ, հետեւաբար ան այդ հարցը փոխանցեց դատական իշխանութիւններուն:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ սպանդանոցի աշխատաւորներէն 19 հոգի քաղցկեղէ մահացած են, իսկ աշխատաւորներու այլ թիւ մը քաղցկեղէ բուժման ընթացքին մէջ է, եւ հարց տուաւ սպանդանոցի տնօրէնին, թէ ինչո՞ւ այդ տեղեկութիւններն ու տուեալները պահած են Պէյրութի քաղաքապետարանէն, աւելցնելով, որ այլ երկրի պարագային նման թղթածրար մը կրնար պատճառ դառնալ կառավարութեան տապալումին:

 

Share this Article
CATEGORIES